ԲԱՐԵՊԱՇՏԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հոգեւոր բարեպաշտական արարողութիւններ

Հոգեւոր բարեպաշտական արարողութիւնները ծէսի կամ պաշտամունքի բաղկացուցիչ հիմնական մասերն են, որոնք կը կատարուին հաւատացեալներու կեանքին մէջ որոշեալ պահերու եւ դէպքերու առիթով, կամ եկեղեցւոյ տօներու հետ առնչուող պարագաներու ընթացքին։ Անոնցմէ շատերը տարածուած են քրիստոնեայ շատ մը եկեղեցիներու մէջ, ինչպիսիք՝ խաչակնքում, մոմավառութիւն, հոգեհանգիստ, միւռոնօրհնէք, տնօրհնէք, ջրօրհնէք, ուխտագնացութիւն, եւայլն։ Իսկ կան զուտ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ արարողութիւններ, ինչպիսիք՝ մատաղ, մատաղօրհնէք, աղօրհնէք, խաղողօրհնէք, Տեառնընդառաջի խարոյկ, եւայլն։

ԽԱՉԱԿՆՔՈՒՄ

Ինչո՞ւ կը խաչակնքենք։

Սկզբնական շրջանին խաչը խորհրդանիշ էր մահուան, չարչարանքի ու անարգանքի։ Իսկ Քրիստոսի զոհագործումէն ետք, Խաչը քրիստոնեաներուս համար դարձաւ յաղթանակի ու պարծանքի նշան։

Խաչակնքելը ընդհանրական եկեղեցւոյ հնաւանդ ու սրբազան ծիսական արտայայտչաձեւ  է, որ քրիստոնեաներու մօտ սկիզբ առած է դեռեւս առաքելական ժամանակներէն։ Հաւատացեալը կը խաչակնքէ եկեղեցւոյ արարողութիւններու ընթացքին, եկեղեցի մտած ու ելած ատեն, սրբանկարներու դիմաց աղօթելու,  Ս. Հաղորդութիւն ստանալու, Աւետարանի ընթերցանութեան, խնկարկութեան, պատարագիչ քահանայի խաչանիշ օրհնութեան կամ ոեւէ սրբութեան մօտենալու ատեն, ինչպէս նաեւ՝ վտանգի, վախի ու փորձութեան պահերուն՝ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ Ս. Խաչին պահպանութիւնը խնդրելով։

Ուստի երբ կը խաչակնքենք, կը նշանակէ թէ մեր ամբողջ մարմինը, սիրտն ու հոգին Ս. Խաչին նշանովը կը կնքենք, որպէսզի չարը չկարենայ մեր վրայ յարձակիլ, մեզ ընկճել, նեղել կամ  վնասել։ Նաեւ խաչակնքելով կը յայտարարենք մեր քրիստոնէական հաւատքը, ու կը դաւանինք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, ու ապա մեր անձերը աղօթելու կը պատրաստենք։

Եկէ՛ք, Պօղոս առաքեալի պէս մե՛նք ալ յայտարարենք. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղատացիս 6.14)։

Ինչպէ՞ս պէտք է խաչակնքենք. ի՞նչ իմաստ ունի խաչակնքելը։

Աջ ձեռքի առաջին երեք մատները (բթամատը, ցուցամատը եւ միջնեմատը) իրարու կը միացնենք (որ կը խորհրդանշէ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան անբաժան ու միասնական ըլլալը), իսկ միւս երկու մատները՝ մատնեմատն ու ճկոյթը ափին մէջ կը ծալլենք (որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մէջ կատարեալ Աստուծոյ եւ կատարեալ Մարդու անբաժան միութիւնը), եւ Ս. Երրորդութեան անունը տալով խաչի ձեւը կը գծագրենք մեր մարմնին վրայ, ըսելով.

ՅԱՆՈՒՆ ՀՕՐ (միացած մատները մեր ճակատին կը տանինք)

ԵՒ ՈՐԴՒՈՅ (միացած մատները մեր կրծքավանդակին կ’իջեցնենք)

ԵՒ ՀՈԳՒՈՅՆ (միացած մատները ձախ ուսին կը տանինք)

ՍՐԲՈՅ (միացած մատները աջ ուսին կը տանինք)

ԱՄԷՆ (ափը ամբողջութեամբ բացած՝ կուրծքին վրայ կը հանգչեցնենք)։

¬ Հաւատքի այս բանաձեւէն բացի «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն», Հայ Եկեղեցին կը գործածէ նաեւ հետեւեալ բանաձեւը, խաչակնքումի նոյն ձեւը պահելով.

«ՕՐՀՆԵԱԼ ՏԷՐ ՄԵՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ։ ԱՄԷՆ» ( Օրհնեա՛լ ըլլայ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Ամէն)։

¬ Խաչակնքելու ձեւը հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի.

Յիսուս երկինքէն (ճակատ) երկիր իջաւ (կրծքավանդակ), մարդոց քարոզեց, եւ ապա իրեն հաւատացողները Սատանայի գերութենէն ազատագրեց (ձախ կողմէն), եւ Իր թագաւորութեան մէջ բերաւ (աջ կողմ)։ Ամէն« (սրտին վրայ), որ կը նշանակէ՝ թէ արդարները Յիսուսի սրտին մէջ կը բնակին։

Հետաքրքրական Գիտելիք

Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբան մեծ հայրերէն՝ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին, հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ խաչելութեան մասին.¬

– Խաչին վրայ Յիսուսի գլուխ խոնարհեցնելը կը խորհրդանշէ Աստուած եւ մարդ հաշտութիւնը։

-Ձեռքերուն աջ ու ձախ տարածելը՝ Յիսուսի ունեցած անսահման սէրը մարդոց նկատմամբ։

-Կողէն խոցուիլը՝ մեր փրկութեան համար Յիսուսի սուղ գին վճառելը։

-Վիրաւոր կողէն ջուրի եւ արեան բխումը՝ մարդկութեան մաքրուիլն ու սրբուիլը՝ Յիսուսի կենարար ու սուրբ արիւնով։

-Մարմնին մերկացումը մեզի կը թելադրէ՝ բաց սրտով ու անկեղծ խոստովանութեամբ կանգնիլ Աստուծոյ դիմաց։

-Գլխուն դրուած փշէ պսակը՝ փառաւորումը Հօր Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ։

Ժա- Շարունակելի