ԲԱՐԵՊԱՇՏԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ իմաստ ունի մոմ վառելը։  

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ բարեպաշտական սովորութիւններէն մին է մոմ վառելը, որ հոգեւոր ապրումի ու հաւատքի տեսանելի եւ նիւթականացուած արտայայտութիւն է, եւ կը խորհրդանշէ խաւար շրջապատի եւ անհաւատներու լուսաւորումը Քրիստոսի լոյսով, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներու լուսաւոր հաւատքը, Քրիստոսի խօսքին համաձայն, թէ՝ «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը» (Մատթէոս 5.14)։

Մոմ վառելը նաեւ կը խորհրդանշէ՝ աստուածային կրակով մեղքի մոխրացումը. Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուելու, մաքրուելու, մեղքերէ ձերբազատուելու։

Մոմ վառելու սովորութիւնը կու գայ առաքելական ժամանակներէն, երբ առաջին քրիստոնեաները, խուսափելով հալածանքներէն ու հետապնդումներէն, կը հաւաքուէին գետնադամբաններու մէջ, գետնափոր բնակավայրեր, եւ այնտեղ մոմեր վառած աղօթք կ’ընէին։

Մոմի կողքին գործածուած են, ու առ այսօր կը գործածուին, նաեւ կանթեղներ, որոնք ձէթով կը վառուին ու կը լուսաւորէն աղօթատեղիները։

Մոմերն ու կանթեղները եկեղեցւոյ մէջ խորհրդաւորութիւն եւ երկիւղածութիւն կը ստեղծեն, ինչպէս նաեւ՝ վեհութիւն ու շքեղութիւն արարողութեանց։

Տեառնընդառաջի եւ Յիսուսի Յարութեան նախօրէին՝ Ճրագալոյցի օրը վառած մոմ տանիլ տուն, կը նշանակէ՝ Յիսուս Քրիստոսի լոյսն ու ջերմութիւնը տանիլ տուն։

ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ իմաստ ունի խունկ ծխելը կամ խնկարկելը։

Շատ հին ժամանակներէ եկած աւանդութուն մըն է ծիսական արարողութեանց ընթացքին խունկ ծխելը կամ խնկարկելը։

Եբրայեցիները վաղուց սովորութիւն ունէին պաշտամունքի ընթացքին խունկ ծխել, եւ անոր համար ալ տաճարին մէջ ունէին Խնկարկութեան յատուկ սեղան մը, որ կը գտնուէր Սրբութիւն Սրբոց կոչուած վայրին մէջ։

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ու Ս. Պատարագի ընթացքին գործածուող խունկը, որ պատրաստուած կ’ըլլայ հոտաւէտ ծառերու խէժերէ, նախապէս կ’օրհնուի քահանային կողմէ։ Սարկաւագը աջ ձեռքով բռնած բուրվառը, որուն մէջ վառած ածուխը կ’ըլլայ, իսկ ձախ ձեռքով՝ խնկամանը, որուն մէջ խունկը դրուած կ’ըլլայ, կը մօտենայ քահանային ու կ’ըսէ. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛։ Օրհնեա՛ տէր»։ Իսկ քահանան կը պատասխանէ. «Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Խնկարկութիւնը կը խորհրդանշէ առ Աստուած բարձրացող աղօթքը։ Խունկի բուրմունքին հետ աղօթքը վեր՝ երկինք կը բարձրանայ, ինչպէս Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ուղի՛ղ եղիցին աղօթք իմ, որպէս խունկ առաջի քո Տէ՜ր, համբարձումն ձեռաց իմոց՝ պատարագ երեկոյի». «Իմ աղօթքս քեզի մատուցուած խունկ թող ըլլայ, վեր բարձրացած ձեռքերս՝ իրիկնային զոհ». (Սաղմոս 141.2)։

Խունկի բուրմունքը կը խորհրդանշէ նաեւ Քրիստոսի քաղցրութեան տարածումը ամբողջ աշխարհին մէջ։

Վառած ածուխը կը խորհրդանշէ հաւատքով վառ սիրտը, իսկ խունկը՝ այդ հաւատքին, տաքութեան ծուխ տուող՝ բուրումնաւէտ աղօթքը։ Ինչպէս որ երբ ածուխը վառած չըլլայ կամ խունկը խոնաւութիւն առած ըլլայ չի վառիր ու չի մխար, այնպէս ալ՝ լոկ շրթնային աղօթքը, առանց ջերմութեան ու խոր հաւատքի, առանց սիրտի ու հոգիի, կը նմանի մարած ածուխին կամ խոնաւցած խունկին, որ ո՛չ կը վառի եւ ո՛չ ալ կը ծխայ։

 Ժբ-Շարունակելի