ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՊԱՀՈՑ

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՊԱՀՈՑ

ՄԱՐԿՈՍԻ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 2.1-12:

Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ

  Քանի մը օրեր ետք Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում: Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դրան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած: Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց:
   
  Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին: Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին: Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

     -Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի:
   Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտքով քննադատել զայն.«Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է: Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»:
           
    Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
      
    -Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» Ըսե՞լը, թէ՝ «Ե՛լ, մահիճդ ա՛ռ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու:
           
  Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ.
     -Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:
   
  Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ  զարմացան. կը  փառաւորէին զԱստուած եւ կ’ըսէին.
           
      -Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք:

   Աւետարանի մէջ յիշատակուած այս դէպքով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս  ներկաներուն ըսել եւ փաստել  կ’ուզէ, թէ Ինքն է սպասուած Մեսիան եւ ճշմարիտ Աստուածը, որ Տէրն է հոգիներուն եւ մարմիններուն:

          Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, հրաշք մը կատարելէ առաջ, մարդուն մէջ հաւատքն է որ կը փնտռէ: Հաւատքը առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Քրիստոսի համար: Անոր յաճախակի հարցումները կ’ըլլան բժշկութիւն հայցող հիւանդին. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ բժշկել ձեզ» (Մտ 9.28), «Հաւատքդ քեզ փրկեց. Խաղաղութեամբ գնա, եւ բժշկուէ՛ քու ցաւերէդ» (Մր 5.34), սա կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի բժշկութիւն շնորհելու հարցը կախեալ է, բժշկուողին հաւատքէն:

        Հետեւաբար, Քրիստոս ստուգելէ ետք իրեն բերուած անդամալոյծին, ինչպէս նաեւ զինք բերող մարդոց հաւատքը, կ’ըսէ. «Որդեակ մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի» (Մր 2.5): Յիսուս միշտ ալ առաջնահերթութիւնը կու տայ հոգիին, նախ կը բժշկէ մարդու հոգին, ապա մարմինը: Այս  խօսքերը սակայն կը գրգռեն այդտեղ գտնուող օրէնքի ուսուցիչներուն զայրույթը, որոնք եկած էին ոչ թէ Քրիստոսը լսելու, այլ քննադատելու. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել, ըրածը հայհոյութիւն է. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել» (Մր 2.7-8): Քրիստոս   ըստ իր սովորութեան նախ հիւանդին մեղքերը ներեց, եւ ապա անդամալոյծին բժշկութիւն շնորհեց:

        Անոնց դառնալով ըսաւ. «Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա՝» ըսելը» (Մր 2.9-10): Անշուշտ առաջինին մէջ խորհուրդ մը կայ, որ Քրիստոս ըսել կ’ուզէ թէ մարդու հոգեւոր բժշկութիւնը նախապայման է մարմնական բժշկութեան, իսկ երկրորդը սովորական արտայայտութիւն մըն է, որ հիւանդին առիթ կ’ընծայէ անգամ մը եւս մեղանչելու:

        Անդամալոյծի բժշկութեան դրուագին մէջ երկու այլ հրաշքներ ալ կը յայտնուին:

   ա- Քրիստոս նոյն պահուն կը փաստէ թէ, Ինք իշխանութիւն ունի ինչպէս երկնքի՝ նոյնպէս երկրի վրայ , ինչպէս նաեւ մարդու հոգիին եւ մարմնին վրայ. «Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել: Բայց վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտ 10.28),  որովհետեւ Յիսուս Աստուած է, նոյնիսկ կրնայ մարդոց հոգին եւ մարմինը փրկել՝ եւ կամ կորուստի մատնել: Հետեւաբար այս հրաշքով Քրիստոս իր աստուածութիւնը հաստատեց ներկաներուն:

     բ- Քրիստոսի աստուածութիւնը յայտնուելով իր հակառակորդները պարտութեան ենթարկեց, սակայն հոն մեծ թիւով մարդիկ կային, որոնք տեսնելով այս հրաշքը հաւատացին Քրիստոսին եւ սկսան հետեւիլ իրեն, այսպիսով Յիսուսի հռչակը եւ հետեւորդներուն թիւը կ’աճեր եւ կը բազմանար:

         Յիսուս իր պատգամը աւարտելէ ետք կրկին անդամալոյծին դառնալով ըսաւ. «Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, առ մահիճդ եւ տո՛ւնդ գնա» (Մր 2.11): Անդամալոյծը ոտքի ելլելով, այդտեղ հաւաքուած ամբոխին մէջէն անցնելով կը հեռանայ: Այս ձեւով երեք հրաշքներն ալ գործուած էին: Հետեւաբար այսօրուան հրաշքը մեզի կը թելադրէ, կատարեալ հաւատք ունենալ եւ վստահիլ Քրիստոսի, որովհետեւ Ան է մեր յոյսը եւ Տէրը մեր հոգիներուն եւ մարմիններուն:
 

ԵՓԵՍՈՍԻ Ս. ԺՈՂՈՎ (431)

Ս. Աստուածածնայ  վերափոխման տօնէն շաբաթ մը առաջ, Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը յիշատակէ Եփեսոսի Ս. Ժողովի, ինչպէս նաեւ այս ժողովին մասնակցող երկու հարիւր հայրապետներու յիշատակը:

            Չորրորդ դարու սկիզբը Քրիստոնէութիւնը ազատ կրօնք հռչակուցաւ: Սակայն ժամանակի ընթացքին ի յայտ եկան կարգ մը տարբեր կարծիքներով հոգեւորականներ, որոնք քրիստոնէական եկեղեցւոյ պաշտօնական դաւանանքին հակառակ միտքեր քարոզեցին: Այդ հարցերը քննարկելու համար Տիեզերական ժողովներ գումարուեցան:

            Ա-Նիկիոյ ժողով 325 թ.:
            Բ-Կ.Պոլսոյ ժողով 318 թ.:
            Գ-Եփեսոսի ժողով 431 թ.:

    Վերոյիշեալ ժողովներու որոշումներով ու կանոններով, կազմուած է մեր այսօրուան դաւանած «Հաւատոյ Հանգանակը:
     
   431 թուին, Եփեսոսի մէջ գումարուած երրորդ Տիեզերական ժողովը դատապարտեց  Նեստոր անուն ասորի եկեղեցականին տեսութիւնները եւ արգիլեց փոփոխութեան ենթարկել առաջին երկու ժողովներով հաստատուած «Հաւատոյ Հանգանակ»ը:

            Նեստոր, մարդեղութեան խորհուրդին հանդէպ բացասական իր կեցուածքով կ’անպատուէ սուրբ կոյս Մարիամը, թէ «Աստուածածին չէ, այլ լոկ Քրիստոսածին, այսինքն՝ մարդածին: Այլ խօսքով, թէ Յիսուս ծնած է սովորական մարդ եւ վերջը միայն մկրտութեան ժամանակ աստուածային էութիւնը Սուրբ Հոգիի կերպարանքով իջած է Քրիստոսի վրայ»: Նեստոր չարը ցանկալով, կը փորձէր ունայնացնել մարդեղութեան խորհուրդին իսկութիւնը: Ան նաեւ հրապարակաւ սկսաւ «որոմ» սերմանել իր պաշտօնեաներու ձեռքով եկեղեցիէն ներս:

            Ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ իմանալով Նեստորի աղանդին մասին, փութացին Տիեզերական ժողով մը գումարել կասեցնելու համար զինք եւ իր հետեւորդները:

     Ս. Կիւրեղ Ալեքսանդրիայի հայրապետը խորհրդակցելով ողջմիտ եպիսկիպոսներու հետ, կը փորձէ նամակներով խրատել Նեստորը, հրաժարելու սխալ վարդապետութենէ: Երբ ան անդրդուելի կը մնայ իր կեցուածքին մէջ, ժողով մը կը գումարուի, Փոքր Ասիոյ ծովահայաց Եփեսոս քաղաքին մէջ:

     Այս ժողովին ներկայ կ’ըլլան 200 եպիսկոպոսներ տարբեր երկիրներէ: Ժողովի մասնակից Հայրապետները նախ կը նզովեն Նեստորը եւ իր աղանդը, ապա Սուրբ Հոգիով լեցուցած կը հաստատեն Կիւրեղ Հայրապետի բանաձեւը, որ կ’ըսէ «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյն»: Ինչպէս նաեւ կը դաւանին Ս. Կոյսին Ծնող եւ Մայր Աստուծոյ ըլլալու հանգամանքը, այնուհետեւ Ս. Կոյս Մարիամ կը կոչուի «Աստուածածին եւ Աստուածամայր:

     Այս ժողովին Հայոց Եկեղեցիէն հրաւիրուած էր Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետը, որ կամքէ անկախ պատճառով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց գիրով մը իր համեմատութիւնը յայտնած է:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան