ԱՇԽԱՀԱՄԱՏՐԱՆ (ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ)

ԱՇԽԱՀԱՄԱՏՐԱՆ (ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ)
 

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 2.23-3.12:
 

Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղեմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները: Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սրտին մէջ:
 

Նիկոդէմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ իշխան մը, որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր.

-Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ:

Յիսուս պատասխանեց անոր.
 

-Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը:
 

Նիկոդեմոս հարցուց անոր.
 

-Ծեր մարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ: Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի:
 

Յիսուս պատասխանեց.
 

-Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Դուն մի՝ զարմանար,որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք: Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. Դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՝ կու գայ եւ ո՛ւր կ’երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին:

Նիկոդեմոս հարցուց.
 

-Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկայ:
 

Յիսուս պատասխանեց.
 

-Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկայ չե՞ս գիտեր: Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր: Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի՝ եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսինք:
 

Աւետարանական սոյն դրուագը կը ներկայացնէ այն երկխօսութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Քրիստոսի եւ նիկոդեմոս անունով հրեայ իշխանին միջեւ: Դրուագ մը որ լեցուն է խորհուրդներով՝ Նիկոդեմոս հասկնալու դժուարութիւն կ’ունենայ: Այդ մէկը ակներեւ է Նիկոդեմոսի այն արտայայտութենէն թէ. «Ծեր մարդ մը ինչպէս կրնայ նորէն ծնիլ, կարելի՞ բան է, որ ան կրկին մտնել իր մօրը որովայնը եւ ծնիլ»: Նիկոդեմոս որպէս մահկանացու մարդ, որքան ալ գիտութիւն ամբարած ըլլայր չէր կրնար սահմանափակ մտակարողութեամբ ըմբռնել երկնաւոր խորհուրդները, մանաւանդ երբ կը փորձէր Քրիստոսի խօսքերուն տառացիօրէն կապուիլ, առանց խորքը թափանցելու: Մէկ ճշմարտութիւն յստակ կը դարձնէ մեզի այս դրուագին՝ խօսքերը երկրայինի մասին չէին, այլ երկնայինի: Այդ մսին Նիկոդեմոս արդէն կը վկայէ. «Վարդապետ գիտենք որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ ես, որովհետեւ այն բաները որ կը գործես ոչ ոք կրնայ գործել, եթէ Աստուած անոր հետ չ’ըլլայ»:



Խոստովանութիւն մըն է որով Նիկոդեմոս կ’ընդունի թէ Աստուած Քրիստոսի հետ է, ան կը վարանի ըսելու թէ նոյն ինքն Քրիստոս Աստուած է: Քրիստոս վերստին ծնունդի մասին խօսած ատեն կը յիշէ ջուրէն եւ հոգիէն ծնունդի մասին, այսինքն «Մկրտութեան» եւ «Ապաշխարութեան», ոչ թէ մարմնաւոր ծնունդի մասին, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Քրիստոս եկած էր որպէսզի մարդը հոգեպէս վերստին ծնի: Քրիստոս կը խօսէր անապական ծնունդի մասին եւ ոչ թէ ապականացու,իսկ Նիկոդեմոս աշխարհային հոգերով տարուած, չի կրցաւ հասկնալ:

Քրիստոս «վերստին ծնիլ»պատգամեց մարդկութեան, որ կը նշանակէ «վերանորոգութիւն» եւ այդ պատճառաւ Ինք աշխարհ եկաւ, մարդացաւ, մարդուն համար Խաչուեցաւ, վերանորոգելու համար մարդուն մէջ աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը:
 

Այսօ՛ր եւս Քրիստոս կը պահանջէ մեզմէ վերստին ծնունդ եւ վերականգնում, նոր արարած ըլլալու: Մարդ որքան ալ օժտուած ըլլայ իմացական ու հոգեկան կարողութիւններով, առանց վերստին ծնունդի չի կրնար ժառանգել երկնքի արքայութիւնը:
 

Քրիստոսի եւ հրեայ իշխանին միջեւ զարգացող զրոյցէն ի յայտ կու գայ վերջինին պարզամտութիւնը, այնքան որ դժուարութիւն կ’ունենայ ըմբռնելու Քրիստոսի խօսքերը, թէեւ ան օրէնքի ուսուցիչ էր:
 

Կ’եզրակացնենք, թէ աշխարհի օրէնքները կրնանք գիտնալ, կրնանք ուսուցիչ ըլլալ, բայց երկրային ու երկնային օրէնքները իրարմէ այնքան տարբեր են, որքան որ երկինքն ու երկիրը:
 

Քրիստոսի հաւատարիմ էակներս մենք եւս պատրաստ պէտք է ըլլանք «վերստին ծնելու», հոգեւոր ծնունդով, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պատուերեց:

ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
 

Ս.Յարութեան տօնէն ետք երկրորդ կիրակին կը կոչուի «Կանաչ» կամ «Աշխար-համատրան» կիրակի: Կանաչ կոչումը հաւանաբար բնութեան գարնանային եղանակին նուիրուած անուն մըն է: Բնութեան մէջ ծաղկող եւ ծլարձակող կեանքին, որ թարմութիւն եւ կենդանութիւն կը ներշնչէ աշխարհին: Աշխարհամատուռն ալ (առաջին եկեղեցին) է, որպէս Քրիստոսի ցանած սերմի առաջին կանաչ ծիլը, ծաղկեցաւ եւ աճեցաւ, իր մէջ համախմբելով համայն մարդկութիւնը:


 

«Աշխարհամատրան Կիրակի» կոչումը կազմուած է (աշխարհ եւ մատուռ) բառերէ որ կը նշանակէ առաջին մատուռը, որ հիմնուեցաւ վերնատան մէջ: Այս այն վերնատունն է, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր վերջին ընթրիքը կատարեց,ապա Ս.Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց, ինչպէս նաեւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Յիսուսի Համբարձումէն ետք, առաքեալները Ս. Կոյս Մարիամի հետ միասին, կը հաւաքուէին Սիոնի բարձրուքին, վերնատան մէջ եւ կը կատարէին իրենց Վարդապետին վերջին ընթրիքին տուած պատգամը. «Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի:
 

Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար» (Ա.Կր 11.24): Անոնք կ’օրհնէին հացն ու գինին, ապա միասնաբար աղօթելէ ետք կը ճաշէին: Հաւաքական կեանք կ’ապրէին եւ անհատական սեփականութեան գաղափարը գոյութիւն չունէր: Յետագային, անոնց օրինակով, առաջին դարերու քրիստոնեաները հասարակաց սեղանին շուրջ համախմբուելով միասնաբար կը ճաշէին, եւ այդ ճաշը կը կոչուէր«սիրոյ ճաշ»(Ագապի):Հայոց մէջ եւս հաւատացեալներ իրենց հետ եկեղեցի կը տանէին (պատարագիք), որ կը նշանակէ՝ հաց, գինի, ուտելիք, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդէն ետք բոլորը միասին կը ճաշէին:
                            

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան