ԱՂՕԹՔ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ս. ՀՈԳԻԻ

Միշտ Քեզի ծնրադրելով կ’աղաչենք մարդասէր Ս. Հոգի որ այս մարմնաւոր կեանքի ընթացքին մեր հոգիները պահպանես: Աներկիւղ անցնինք այս աշխարհէն, փրկուինք պիղծ դեւերէ եւ առաջնորդուինք ապահով երկիր ուր արդար հոգիները ուրախութեամբ Քեզ կ’օրհնաբանեն: Իսկ փրկչիդ երկրորդ գալուստին, երբ կրկին պիտի նորոգես մեզ, երբ բոլոր ննջեցեալները պիտի արթննան փողի ձայնէն եւ յարութեամբ պիտի վերստանաս ամբողջ մարդկութիւնը, կը խնդրենք Քեզմէ ով Տէր, վերանորոգէ մեզմէ իւրաքանչիւրս Ս. Հոգիով, ազատէ մեզ գեհենի ապառնալիք անտանելի տանջանքներէն: Միացուր  մեզ Քու սուրբերուդ եւ անունդ սիրողներուն բանակին, ժառանգորդ դառնալու երկնքի արքայութեանդ: Իսկ մենք բանաւոր հօտդ եւ Քեզի հաւատացողներս, կ’աղօթենք եւ կը փառաւորենք ամենասուրբ երրորդութիւնդ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն: