ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն եւ հիմնական տօնը կը հանդիսանայ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը: Արդարեւ, Կիրակի 20 Ապրիլ 2025-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը սպասարկէին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասը: Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ Սարկաւագաց ու դպրաց դասերը, Հոգաբարձական կազմը եւ ընդհանրապէս համայնքի բոլոր ծառայողները, շնորհաւորեց Թեմի երեսփոխանները, Ազգային Վարչութեան անդամները, եկեղեցիներու հոգաբարձուները եւ հաւատացեալները:

Որդիական երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին, քաջառողջութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով անոր:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ներկաներուն թելադրեց Ապրիլ 24-ին, հոծ բազմութեամբ յարգել մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը, մերժելով ներկայիս հայրենիքէն ներս ուրացումի փորձերը, հաւատարիմ մնալով մեր նահատակներու կտակին:

Աւարտին, Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումէն ետք, աջահամբոյր տեղի ունեցաւ եւ Սրբազան Հայրը փոքրիկներուն նուէրներ բաժնեց: