ՏՆՏԵՍԻ  ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ Պահոց չորրորդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի» Կիրակի: Քրիստոսի պատմած գեղեցկագոյն առակներէն է: Այս առակը դժուարիմաստ է խորքին մէջ, եթէ նիւթական անկիւնէն դիտուի հարցը, բայց իրականութեան մէջ, Յիսուս կը փորձէ շօշափելիօրէն հասկցնել մարդուն, թէ ինչպէ՞ս կը կայանայ նիւթականի եւ բարոյականի փոխ յարաբերութիւնները:

«Տնտեսի» առակը իր մէջ ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ, որոնք հոգեւոր են, այլ խօսքով՝ մարդու հոգիի փրկութեան վերաբերող իրականութիւններ կան հոն: Պատասխանատուութեան զգացումի եւ պարտականութեան գիտակցութեան եւ առաքինի  կեանքի կը հրաւիրէ  քրիստոնեայ հաւատացեալին:

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէն հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, «ես-էն» ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ: Առակին մէջ, տանուտէրը Աստուած է, իսկ տնտեսը մարդը, աշխարհի հարստութիւնները եւ ստացուածքները Աստուծմէ տրուած բարիքներ են՝ տրամադրուած, մարդը անոնց տէրը չէ, այլ մատակարարող պաշտօնեան՝ «Տնտես»ն է:

Աստուած այս աշխարհի բարիքները մարդուն յանձնած է, զանոնք գործածելով հանդերձեալ կեանքի տիրանալու:

Առակին հիմնական նպատակն է, թէ մարդ պարտաւոր է, այս աշխարհէն ստացած բարիքներէն բաժին հանել, օգնել, նպաստել, ողորմիլ իր նմանին, որպէսզի ժառանգէ յաւիտենական կեանքը:

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէ հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, մեր «ես-էն» ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ:

Թող ամենաբարին Աստուած շնորհքի եւ հաւատքի թթխմորը առատացնէ մեր մէջ, որպէսզի խմորէ ամբողջ զանգուածը՝մեր էութեան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան