Ս․ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմինին Կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց նուիրուած հանդիսութիւնը։

Ձեռնարկը կայացաւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ սկսաւ հաւաքական աղօթքով։ Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի բացման խօսքէն յետոյ Հոգեւոր Հայրերը ընթերցեցին Աստուածաշնչական հատուածներ։ Այնուհետեւ, խումբ մը հայորդիներ հանդէս եկան բանաստեղծական եւ երաժշտական կտորներով։

Օրուան պատգամը փոխանցեց, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանը, որ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով «Աստուածասիրութեան եւ ազգասիրութեան կենդանի օրինակներ են Վարդանանք։ Այսօր բոլորս կանգ որովհետեւ անոնք մեր գոյերթը երաշխաւորեցին։ իրենց զոհողութեամբ մենք կանգնած ենք մեր հաւատքին եւ ինքնութեան լուսաւոր կամարներուն տակ։

Սորվեցուցին մեզի, թէ մեզմէ զօրաւորները երեւի կրնան մեզ զրկել աշխահի մեր իրաւունքներէն, բայց չեն կրնար խլել մեր հաւատքն ու հայրենասիրութեան ջերմութիւնը։ Թող անոնց խաչի դրոշը առաջնորդէ մեր ազգը համայն, այն երկնային իմաստութեամբ, որ կ՛ուսուցանէ միայն ի Տէր պարծիլ, եւ անմահական հաւատքով ջերմանայ մեր սիրտը, որուն դէմ անզօր ըլլան հրեշտակներ ու մարդիկ, հուր եւ սուր եւ ամենայն դառն հարուածք։ Դաւանինք կրօնքը, որուն համար զոհուեցան։ Ապրինք բարոյականը, որուն կառչած մնացին։ Պահենք մշակոյթը, զոր աւանդ թողուցին։ Չմոռնանք, ապա թէ ոչ կը մոռցուինք»։

Հաւաքական աղօթքներու ընթերցումէն ետք, ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեաի փակման խօսքով, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն։