ՍՕՂՈՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ

Ժամանակ մը վերջ, Դամասկոսի հրեաները որոշեցին Սօղոսը սպաննել: Սակայն Սօղոս իմացաւ անոնց նենգութիւնը, թէ՝ գիշեր ցերեկ կը հսկէին քաղաքին դռներուն առջեւ, որպէսզի զինք սպաննեն: Ուստի հաւատացեալները զինք գիշեր մը զամբիւղի մը մէջ դնելով պարիսպէն վար իջեցուցին:

Սօղոս Երուսաղէմ եկաւ եւ կը ջանար հաւատացեալներուն հետ շփման մէջ մտնել. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ Քրիստոսի աշակերտ դարձած է: Սակայն Բառնաբաս առաւ Սօղոսը, առաքեալներուն տարաւ եւ անոնց պատմեց թէ ի՛նչպէս Սօղոս ճամբուն վրայ Տէրը տեսած եւ անոր հետ խօսած է, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուսի անունով համարձակօրէն քարոզած է Դամասկոսի մէջ: Անկէ ետք Սօղոս առաքեալներուն հետ կը մնար ու կը շրջէր Երուսաղէմի մէջ, եւ համարձակօրէն կը քարոզէր Տէր Յիսուսի անունով: Կը խօսէր ու կը վիճէր յատկապէս յունախօս հրեաներուն հետ, որոնք զինք սպաննելու ձեւ մը կը խորհէին: Հաւատացեալ եղբայրներ երբ իմացան, Կեսարիա փախցուցին Սօղոսը, եւ հոնկէ ալ Տարսոն ղրկեցին: Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար: Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղով կ’ապրէին:

Սուրբ Պօղոս առաքեալ ծնած է Տարսոն, Կիլիկիա: Ան այն Սօղոսն է, որուն մասին կը կարդանք «Գործք առաքելոց» գիրքին մէջ, թէ քրիստոնեաները կը հալածէր եւ սպաննել կու տար: Ինքն էր որ առաջին մարտիրոս քրիստոնեային` Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին մահուան պատճառ դարձաւ` քարկոծելով: Տակաւին ան կ’ուզէր հասնիլ Երուսաղէմէն դուրս` Դամասկոսի քրիստոնեաներուն, որպէսզի զանոնք ալ ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ: Պօղոս առաքեալի կեանքը, գործն ու քարոզութիւնները ուսումնասիրելը հատորներ արժած են եւ տակաւին կը գրուին: Ամէնէն յատկանշական իրականութիւնը այն է, որ ան իբրեւ քրիստոնեաները հալածող եւ սպաննել տուող առաջնորդ` անկարելի էր պատկերացնել, որ պիտի դառնար քրիստոնէութեան ամէնէն մեծ քարոզիչներէն եւ առաքեալներէն մէկը:

Հետեւաբար, երբ կը տեսնենք Ս. Պօղոս առաքեալի անցեալը, յոյսով կը լեցուինք, որովհետեւ մենք ալ մեղքերով լեցուն անցեալ եւ ներկայ ունինք, որոնք մեզ կը յուսալքեն Աստուծոյ առաւել մօտենալուն:

Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու սէրն է, որ զինք իր անցեալի տկարութիւններէն բարձրացուց եւ դարձուց սրբութեան օրինակ: Նոյն սէրն ու հաւատքն է, որ այսօր մեզ ալ, մեր տկարութիւններէն բարձրացնելով` կը դարձնէ այսօրուան օրինակելի տիպարը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան