Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիէն ներս Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին առիթով կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարած ինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝ քրիստոնէական հաւատքը պահելու համար դէմ դրին խաւարին։
«Հայ հոգեւորականը Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքին դաստիարակութեան ու Աւետարանի տարածման կողքին նաեւ հայակերտման ու սերունդներու դաստիարակութեան պարտականութիւնը ունի։ Այլ խօսքով, եկող սերունդներուն հայութեան շունչը փոխանցելու պարտականութիւնը ունի։ Այսօր, իւրաքանչիւր հոգեւորականի ուխտի վերանորոգման առիթ է, որ կը տրուի, աւելի յանձնառութեամբ ծառայելու Աստուծոյ եւ ծառայելու ժողովուրդին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս:
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմիս մէջ ծառայող հոգեւորականները, մաղթելով քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ հաւատքով լեցուն ծառայութիւն։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի