ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամավերջի հանդէսը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Հանդիսութեան ընթացքին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց նաեւ Նախակրթարան բաժնի 6 աշակերտներու Վկայականաց բաշխումը։

Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ գնահատանքը՝

~ Դպրոցի Տնօրէնութեան 

~ Ուսուցչական կազմին

~ Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան

~ Աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցը ուսումնական հաստատութիւն մը չէ, այլ հոգեւոր տուն մըն է, ուր նոր սերունդը կը ծանօթանայ քրիստոնէական հաւատքին ու ինքնութեան, հայ ժողովուրդի ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատկապէս գնահատեց Դպրոցի Տնօրէնին՝ Պրն. Թորոս Պապիկեանի նախանձախնդրութիւնը, ճիգն ու յանձնառութիւնը, կամաւոր երիտասրդները ներգրաւելու եւ մասնակից դարձնելու այս իր նուիրական աշխատանքին։

«Իսկապէս գնահատելի է տեսնել նոյն Կիրակնօրեայ Դպրոցէն շրջանաւարտ երիտասարդներու բանակ մը, որոնք կամաւորաբար կու գան ծառայելու», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Հանդէսը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ