Սուրբ Հոգիով Քալել՝ Քրիստոսին Նման

Քրիստոնէութիւնը կը հռչակէ հաւատացեալներուն, թէ Աստուած ոչ միայն մեր Արարիչն է, այլ նաեւ կեանքին ընթացքին հանդիպողը, օրհնողը եւ սրբագործողը։ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը փոխանցուի Սուրբ Հոգիին միջոցով, ով կը սնուցանէ, կը պահէ եւ կը սրբացնէ։

Սուրբ Գիրքին մէջ, Յիսուս Սուրբ Հոգին կը նմանցնէ հովի, որ կը փչէ ուր որ ուզէ, որուն ներկայութիւնը մենք կը զգանք, առանց գիտնալու թէ ուրկէ կու գայ եւ ուր կ’երթայ (Յհ 3.8)։ Աւետարանները ցոյց կու տան, թէ Սուրբ Հոգին, կը բնակի եւ կը գործէ հաւատացեալներուն մէջ, մանաւանդ երբ անոնք համախմբուած են իբրեւ Տիրոջ ժողովուրդ։ Սուրբ Հոգին կը զօրացնէ, կը մխիթարէ եւ կը խրախուսէ՝ կազմելով Քրիստոնէական կեանքին իսկական շարժիչ ուժը։

Առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիով

Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլը Քրիստոնէական կեանքի կորիզը կը կազմէ։ Հռոմէացիներու եւ Գաղատացիներու նամակներուն մէջ Պօղոս առաքեալ կը շեշտէ, թէ Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուին (Հռ 8.14), Իսկ Գաղատացիներուն մէջ գրած է՝ «Եթէ դուք Սուրբ Հոգիով կ’առաջնորդուիք՝ այլեւս Օրէնքին ենթակայ չէք» (Գաղ 5.18)։

Երկու հատուածները, բայց մանաւանդ Գաղատացիներու 5.16-25 երբ կարդաք, պիտի տեսնէք Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլ՝ կը նշանակէ մերժել մեղքը, մարմնի ցանկութիւնները եւ ձգտիլ Սուրբ Հոգիին պտուղներուն՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։

Ինչպէ՞ս կրնանք յանձնուիլ Սուրբ Հոգիին

Սուրբ Հոգիով կ’առաջնորդուինք երբ Աստուծոյ յանձնուինք։ կամքի գործուղութիւն, ընտրութիւն է զոր պէտք է ընենք. «Այո» ըսել է Սուրբ Հոգիին եւ «ոչ»՝ մեղքի հրապոյրներուն։

Յանձնուիլ՝ կը սկսի Սուրբ Հոգիին բացուելով եւ զԱստուած մեր կեանքին առաջին տեղը դնելով։ Եւ հոս է շատերուս դժուարութիւնը։ Որքանո՞վ յանձնուած ենք Աստուծոյ. որքա՞ն կ’ուզենք յանձնուիլ. որքա՞ն վճռական է մեր կեցուածը մեղաւոր մեր ես-ին եւ ցանկութիւններուն դէմ։ Աստուած մեզ ամբողջական հնազանդութեան կը կանչէ եւ կիսատ հաւատք չի՛ փափաքիր։

Աստուած գիտէ որ մենք տկար ենք, մեզմէ լաւ գիտէ այդ իրողութիւնը. Անոր համար Աստուած մեզի Սուրբ Հոգին տուաւ, որ կը փոխէ մեզ. ոչ միայն արտաքին մեր վարքը, այլեւ մեր մտածելակերպը, ցանկութիւնները եւ սիրտը։ Մեր մէջ կը ծնի Քրիստոսի նմանութեան փափաքը։ Իսկ այդ ձգտումը կը պտղաբերէ սրբութիւն։

Իսկ Աստուածաշունչը՝ Սուրբ Հոգիին գլխաւոր գործիքն է։ Աստուածաշունչով, Սուրբ Հոգին կը լուսաւորէ մեր միտքն ու սիրտը որպէսզի խորապէս ընկալենք Աստուծոյ սէրը մեր նկատմամբ եւ այդ սէրը մղէ մեզ որ մեր ուշադրութիւնը ուղղենք Յիսուսի կեանքին եւ փափաքին անոր հաճելի ըլլալ ու Իրեն նման դառնալ։

Եզրափակում

Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլը դիւրին ուղի մը չէ, սակայն անիկա միակ ուղին է, որ կը հասցնէ հոգեւոր աճի, խաղաղութեան եւ Տիրոջ։ Այս ուղին է որ կը փոխէ մեր սիրտը, միտքը եւ հոգին։ Երբ հնազանդինք Սուրբ Հոգիին, աստիճանաբար կը փոխուինք՝ Տիրոջ նմանութեան, իսկ մեր կեանքը կը դառնայ կենդանի վկայութիւն Աստուծոյ փառքին համար։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան