ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ

Թորոնթոյի Միջ-յարանուանական Մարմնի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Արժանապատիւ Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, իսկ օրուան պատգամախօսը եղաւ Միջ-յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան։

Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյս հոգեւոր հայրերը, սարկաւագները, դպրաց դասը, ինչպէս նաեւ սրբոց նահատակաց մասունքներն ու սրբապատկերը բռնող Գ.Ե.Մ.-ի անդամները՝ թափօր կազմած հաւաքուեցան Վերածնունդի Յուշակոթողին շուրջ, ուր բարձրացաւ Սրբոց Բարեխօսական կարգը։