ՍՈՒՐԲ  ԳՐԻԳՈՐ  ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ  ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵԼՔԸ  ԽՈՐ  ՎԻՐԱՊԷՆ

Հայոց Տրդատ թագաւորը, Հռիփսիմեանց սուրբերը սպաննել տալէ ետք անբուժելի հիւանդութեամբ մը կը վարակուի: Տրդատի քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ անընդհատ կը մտածէ իր եղբայրը բժշկելու միջոց մը գտնելու մասին: Յանկարծ, գիշերով լուսաւոր էակ մը կը յայտնուի իրեն ու կ’ըսէ. «Միայն Գրիգորը, որ Խոր Վիրապ նետուած է կարող է եղբայրդ բժշկել եւ հայաստան աշխարհը լուսաւորել՝ աստուածգիտութեամբ»: Նոյն տեսիլքը քանի մը անգամ կը կրկնուի: Խոսրովիդուխտ իշխանուհին երկնային այս պատգամը կը փոխանցէ Օտա Ամատունի իշխանին եւ զայն կը ղրկէ եւ վիրապին բացուածքէն կը կանչէ. «Գրիգոր ո՞ղջ ես», իսկոյն վարէն կը պատասխանէ Գրիգոր ըսելով. «Աստուծոյ հրամանով ողջ եմ», անմիջապէս հանել կու տայ Գրիգորը: Մեծ ուրախութեամբ ու փառքով, Գրիգոր կ’առաջնորդուի դէպի Վաղարշապատ: Տրդատ եւ Գրիգոր դէմ դիմաց կը կանգնին, Գրիգոր ծունկի կու գայ, կ’աղօթէ եւ կը բժշկէ Տրդատը եւ նոյն ախտէ վարակուած միւս պալատականները:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Սրբոց Հռիփսիմեանց նահատակութեան վայրը երթալով, կ’ամփոփէ եւ կը թաղէ կոյսերուն մարմինները հնձանի մը մէջ եւ վաթսունհինգ օր շարունակ ժողովուրդին կը պատգամէ աստուածային  ճշմարտութիւնը ըսելով. «Ճանչցէք արարիչ Աստուածը՝ եւ պիտի բուժուիք ձեր ցաւերէն եւ զօրանաք: Աստուծոյ ճշմարիտ Որդին ամօթ չի սեպեր ձեզ իր եղբայրները կոչել, եթէ երկրպագէք Աստուծոյ: Եթէ դարձի գաք ձեր ընթացքէն, սրբուելով ձեր ակամայ անգիտութեան մեղքերէն՝ Ան ձեզի պիտի շնորհէ անմահ կեանք»:

Սուրբը ընդարձակօրէն կը ծանօթացնէ եւ կը բացատրէ անոնց Քրիստոնէութեան էութիւնը, ապա թագաւորին գործակցութեամբ միասնաբար հրապարակներու վրայ կանգնել կու տան Տէրունական Սուրբ Խաչի նշանը:

Քրիստոնէութիւնը պետականացնելու համար անհրաժեշտ էր ծրագրուած աշխատանքի լծուիլ:

Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին եւ իր քրոջ Խոսրովիդուխտի հետ, Վաղարշապատի մէջ ժողովի կը հրաւիրեն ժողովուրդը եւ երկրի աւագանին: Ժողովականները միաձայնութեամբ Ս. Գրիգորի Կաթողիկոսացումը կը պահանջեն: Ս. Գրիգոր Կեսարիա կը ղրկուի, Ղեւոնդիոսի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ, 302 թուականին, նախ քահանայ եւ ապա՝ Քահանայապետ կը ձեռնադրուի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ: Ս. Գրիգոր վերադարձին ամբողջ հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ կը մկրտէ: