Անցնող յօդուածներով պատմական ակնարկ մը նետեցինք Նիկիոյ ժողովին եւ անկէ բխած Հաւատամքին։ Այս եւ գալիք յօդուածներով, պիտի անդրադառնանք Հաւատամքին մէջ տեղ գտած նախադասութիւններու, որոնք իրենց արմատները ունին Աստուածաշունչին մէջ։
ԵՒ Ի ՄԻ ՏԷՐ – ԵՒ ՄԷԿ ՏԻՐՈՋ
«Եւ ի մի տէր» արտայայտութիւնը, Նիկիոյ ժողովին հայրապետներուն կողմէ ուղղուած վճռական հակադարձումն էր Արիոսի ուսմունքին։ Արիոս կը պնդէր, թէ Քրիստոնեաները, Քրիստոսը Աստուած կամ Տէր հռչակելով, երկու աստուածութիւն կը քարոզէին։ Հակառակելով այս մտածողութեան, ժողովի Հայրապետները, հռչակեցին որ Քրիստոնեաներ միայն մէկ Տիրոջ կը հաւատային. Այդ մէկ տէրը Յիսուս Քրիստոս է, որ մէկ է Հօրը հետ։
Այս հաստատումով անոնք շեշտեցին, որ Յիսուս Քրիստոս իսկապէս «տէր է», հակադրելով Արիոսին ու անոր հետեւորդներուն, որոնք կը մերժէին Քրիստոսի աստուածութիւնը։
Այսօր երբ մենք Յիսուս Քրիստոսը «Տէր» կը կոչենք, պէտք է գիտակցինք, որ այդ կոչումը շատ աւելի խորիմաստ է, քան պարզ յարգանքի տիտղոս մը։ Յիսուս, յայտնութեան գիրքը կ’ըսէ. «Տէրերու Տէրը եւ թագաւորներու Թագաւորը»ն է (Յյտ 17։14, 19։16), եւ Հռոմէացիներու նամակին մէջ Պօղոս առաքեալին բառերով, «բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է։ Ամէն» (9։5, Հմմտ Ա. Տմ 6։14-16)։
Քրիստոսի օրերուն «տէր» բառը տիտղոս մըն էր, եւ «առաջնորդ» կը նշանակէր, եւ ընդհանրապէս այդ տիտղոսին հետ այն տրամաբանութիւնը կու գար, թէ այն անձը որ «տէր» տիտղոսը ունէր, Աստուծմէ ղրկուած էր եւ Աստուծմէ զօրութիւն ունէր իշխելու համար աշխարհի վրայ։ Այդ պատճառով Հռոմայեցի կայսրերը այդ տիտղոսը կը վերապահէին իրենց՝ ընդգծելու եւ շեշտելու իրենց աստուածային ծագում ունեցող հեղինակութիւնը։
Սակայն, Աստուածաշունչին մէջ «Տէր» բառը Աստուծոյ անունն է։ Օրինակ, Մովսէսին Աստուած կը յայտնուի այս անունով (Ել 3.14-15), եւ թէ՛ Հին եւ թէ՛ Նոր կտակարանները լեցուն են այդ անունով։ Լսած էք Եհովա անունը, որ Երբայերէնով «Եահուէ»ն է. գրեթէ բոլոր լեզուներուն մէջ «եահուէ»ն «Տէր» թարգմանուած է։ Այսպիսով, Աստուծոյ անունը՝ «Եհովա»ն կամ «Տէր Յիսուս» անունները իրարմէ անջատ չեն։
Նոր Կտակարանը միշտ «Տէր» կ’անուանէ Յիսուս Քրիստոսը, որով կ’ընդգծէ իր աստուածային էութիւնը, որ հաւասար է Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին։ Ուրեմն, երբ Յիսուս Քրիսոտսը «Տէր» կը կոչենք, այդ ածականով կը հռչակենք անոր բացարձակ իշխանութիւնը ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ, իսկ այդ անունով՝ զինք կը Աստուած կը դաւանինք, զայն մեր փրկութեան հիմը դաւանելով։
Եզրակացութիւն
Քրիստոնէութիւնը հիմնուած է մէկ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչման վրայ։ Անոր «Տէր» կոչումը պարզապէս պատուաւոր տիտղոս մը չէ, այլ աստուածային ինքնութեան հռչակում։ Այսօր ալ, մեր հաւատքը պէտք է ըլլայ հաստատուն այս ճշմարտութեան մէջ։ Անիկա է մեր կեանքի ուղեցոյցը, մեր յոյսը եւ մեր փրկութիւնը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան