ՅԻՇԱՏԱԿ ԳԼԽԱՏՄԱՆ ՍՐԲՈՅՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՄԿՐՏՉԻՆ: ՄԱԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14. 1-12:

«Այդ ատենները, Հերովդէս  չորորդապետ  լսեց  Յիսուսի  համբաւը եւ ըսաւ իր ծառաներուն.

-Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է. ա՛ն է որ մեռելներէն յարութիւն առած է, եւ այդ պատճառով է, որ հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով:

Քանի Հերովդէս ինքն էր, որ ձերբակալել, շղթայել եւ բանտ նետել տուած էր Յովհաննէսը, իր Փիլիպպոս եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով: Որովհետեւ Յովհաննէս կ’ըսէր Հերովդէսի.

-Մեր  Օրէնքը չի թույլատրեր որ անոր հետ ամուսնանաս:

Այս պատճառով՝ Հերովդէս կ’ուզէր սպաննել Յովհաննէսը, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, քանի մարդիկ զայն իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին:

Արդ, Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձը եկաւ: Եւ երբ Հերովդիայի աղջիկը հրաւիրեալներուն դիմաց պարեց, ասիկա ա՛յնքան հաճելի թուեցաւ Հերովդէսի, որ երդում ընելով խոստացաւ անոր տալ ի՛նչ որ ուզէր: Ան ալ նախապէս իր  մօրմէն խրատուած ըլլալով, ըսաւ.

-Հիմա հոս, ափսէի մը վրայ, Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տուր ինծի:

Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց հրաւիրեալներուն դիմաց իր ըրած երդումին պատճառով՝ հրամայեց որ աղջիկան ուզածը տան: Եւ մարդ ղրկելով՝ գլխատել տուաւ Յովհաննէսը բանտին մէջ: Դահիճը անոր գլուխը ափսէի մը վրայ բերաւ եւ տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ իր մօրը:

Յովհաննէսի աշակերտները եկան, առին մարմինը եւ թաղեցին, ապա եկան պատմեցին Յիսուսի»:

Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումը յստակ կը դարձնէ, որ անօրէնութիւնը տիրապետող դարձած էր այդ օրերուն ընկերութեան մէջ:

Այսպիսով կը վախճանի մարգարէներուն գլուխը հանդիսացող Յովհաննէս Մկրտիչ: Յիսուս երբ կը խօսէր Յովհաննէսի մասին ըսաւ. «Այո վստահ եղէք, նույնիսկ աւելի քան մարգարէ մը: Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է, որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ’ըսէ. «Ահա պատգամաբերս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»: Վստահ եղէք, թէ մարդոց մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը չէ ծնած. սակայն երկնքի արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն մեծ է» (Մտ 11.9-11):

Բոլոր ժողովուրդը եւ հրեայ ղեկավարները կը յուզուին պատահածին, եւ կը համոզուին, որ Հերովդէս չար թագաւոր մըն է, եւ Աստուծոյ կողմէ տրուած բոլոր պատուհասները կը համարուին, անօրէն թագաւորին եւ իր զօրքին պատճառաւ է, որ եկաւ իրենց վրայ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան