ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ԴէՊՔԵՐԸ, ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՂ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

-ՄԱՍ Բ.-

  1. Հանդիպում մը՝ որ կը փարատէ կասկածը

Երբ առաքեալները Թովմաս առաքեալին փոխանցեցին թէ Քրիստոս յարութիւն առած եւ երեւցած էր իրենց, Թովմաս կասկածեցաւ եւ չհաւատաց ըսուածներուն. ըսաւ պիտի չհաւատայ ըսուածներուն մինչեւ որ իր աչքերով չտեսնէ եւ մատներով չշօշափէ Յիսուսի վէրքերը։ Սակայն լոյս գտաւ, երբ Յիսուս յայտնուեցաւ իրեն։ Իսկ Յիսուս չհարցաքննեց Թովմասին կասկածներն ու հարցումները. ուստի, առանց բան մը ըսելու՝ ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը՝ իբրեւ պատասխան։

Նոյն ձեւով, Յիսուս մեր ալ հարցումները գիտէ. կը լսէ իւրաքանչիւրիս սրտին խօսքը. կը տեսնէ մեր երկմտութիւնը, մեր տագնապները եւ կասկածները։ Իսկ անոնց դիմաց, չի մերժեր մեզ, այլ սիրով կը դիմաւորէ եւ կու տայ այն լոյսը որ կը փնտռենք. Կը հանդիպի մեզի հոն, ուր ամենէն շատ կը կարօտինք Իր ներկայութեան։ Մեր խաւարին մէջ լոյս կ’ըլլայ, անհանգստութեան մէջ՝ խաղաղութիւն եւ կասկածներուն մէջ՝ ճշմարտութիւն։ Կը հրաւիրէ մեզ մտնել այն հաւատքի խորը, որուն մեր աչքերը չեն կրնար առաջնորդել։ Ահա թէ ինչու կ’օրհնէ ըսելով. «Երանի անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»։

Այն ատեն, մեր սրտերը կը լուսաւորուին, ինչպէս Թովմասինը լուսաւորուեցաւ։ Թովմասին հետ կ’աղօթենք եւ կը գոչենք վստահութեամբ «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։

  1. Հանդիպում մը՝ որ կը վերականգնէ նպատակը

Պետրոս երեք անգամ ուրացաւ Յիսուսը։ Բայց Յիսուս չմերժեց զինք։ Ընդհակառակը, զրոյց ունեցաւ անոր հետ. Այդ զրոյցին ընթացքին, իւրաքանչիւր ուրացումին դիմաց, երեք անգամ հարցուց. «կը սիրե՞ս զիս» (Յհ 15.21)։ Յիսուս վերականգնեց Պետրոսը եւ իբրեւ վստահութիւն, գործ մը վերապահեց անոր ըսելով՝ «Գնա՛ եւ արածէ՛ ոչխարներս»։ (Յհ 21.18)։

Կեանքի մէջ մենք ալ շատ անգամ կը նմանինք Պետրոսին։ Երբ սխալներ կ’ընենք, երբ մեր հաւատքը կը տկարանայ, երբ վախով կամ երկմտանքով կը կանգնինք մեր հաւատքին դիմաց։ Բայց ի՞նչ կ’ընէ Տէրը։ Չի մերժէր մեզ. Իր սէրը չի նեղէր մեզ։ Ինչպէս Պետրոսին՝ նոյիպէս մեզի կը մօտենայ Տէրը, կը խօսի մեր սրտերուն եւ կը հարցնէ «Կը սիրե՞ս զիս»։

Եթէ անկեղծ պատասխանենք, Ան մեզի ալ կը վստահի. կը վստահի մարդոց նորէն սիրել, նորէն ծառայել եւ յոյս բերել աշխարհին։ Կը նորոգէ մեր առաքելութիւնը, որովհետեւ մեր անցեալի ձախողութիւնները վերջակէտ չեն Քրիստոսի համար, որ միշտ պատրաստ է նոր սկիզբ մը ընծայելու բոլորիս, ինչպէս ըրաւ Պետրոսին։ 

  1. Հանդիպում մը՝ որ կը զօրացնէ կոչուածները

Յարութեան առաւօտուն, երբ ամէն բան կորսուած կը թուէր առաքեալներուն համար, Յիսուս երեւցաւ անոնց։ Աշակերտները պատսպարուած էին գոց սենեակներու ետին՝ երկիւղ եւ անորոշութեան մէջ։ Բայց Տէրը անոնց մօտ եկաւ իր խաղաղութիւնը տալու. Ըսաւ. «խաղաղութիւն ձեզի»։ (Մտ 28.9)։

Քրիստոսի ողջոյնը, վախով լեցուն սրտերը յոյսով լեցուց։ Աւելին, Յիսուս անոնց վրայ Սուրբ Հոգին փչեց՝ զօրացնելու, վերանորոգելու եւ առաքելու զանոնք. նոր սիրտ, նոր ուժ, եւ նոր նպատակ տուաւ, որպէսզի այլեւս չապրին միայն իրենք իրենց համար, այլ իբրեւ լոյսի եւ աւետարանութեան մարդիկ. Եւ ըսաւ. «ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ (Մտ 28.18)։։ իսկ այդ ուղարկումը կապեց նաեւ ամէն ժամանակի հետ, երբ խոստացաւ իրենց հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վախճանը (Մտ 28.28)։

Այսօր ալ, սիրելիներ, նոյն Յիսուսը մեզի կը հանդիպի։ Երբ կեանքի վախերուն, անորոշութիւններուն եւ ձախողութիւններուն դիմաց կը տկարանանք, Յիսուս կը մօտենայ մեզի, խաղաղութիւն կու տայ, իր Սուրբ Հոգին կը փչէ մեր վրայ, եւ դարձեալ աշխարհ կ’ուղղարկէ։ Կեանքի բարդ օրերուն, աշխատանքի ճնշումներուն տակ, ընտանեկան դժուարութիւններու ընթացքին, ընկերային փորձութեանց մէջ, Տէրը մեզի կ’ըսէ՝ խաղաղութիւն քեզի, դուն մինակ չես։ Քեզի կ’ուղարկեմ եւ քեզի հետ կ’ըլլամ»։

Եզրակացութիւն

Յարութենէն ետք Քրիստոսի յայտնութիւնները մեզի ցոյց կու տան Աստուած մը, որ խորապէս անձնական է՝ կը գործէ մարդոց տարբեր կարիքներուն համաձայն. Աստուած մը, որ զօրեղապէս ներկայ է մարդոց մէջ, եւ իր ներկայութիւնը միշտ նպատակաւոր է։

Աստուած մեզի կը հանդիպի մեր ցաւերուն մէջ, կ’ամրապնդէ մեր հաւատքը, կը փարատէ մեր կասկածները, կը վերականգնէ մեր ինքնութիւնը եւ իր ներկայութեամբ կը զօրացնէ մեզ Իր գործին համար։

Այս բոլոր յիշուածները, պատմական դէպքեր չեն միայն, այլ՝ նմուշ են տարբեր հաւատացեալներու ունեցած տարբեր փորձառութիւններուն, որոնք օրինակ են մեզի մեր կեանքին մէջ։

Յարութեամբ, ճամբորդութիւնը չաւարտիր։ Յարութեամբ ճամբորդութիւնը կը սկսի եւ Յիսուս կը մօտենայ մեզի, կը ջերմացնէ մեր սրտերը, մեզի հետ կը զրուցէ եւ հաց կ’ուտէ, կ’ուղարկէ իւրաքանչիւրիս իր անունին ծառայութեան։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան