ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

4 Փետրուար 2025-ին, Միջ-յարանուանական մարմինը հանդիպում մը ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ: Այս հանդիպման ընթացքին, որոշուեցաւ որ 27 Փետրուարին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթահաւաք, տօնախմբելու Սրբոց Վարդանանց Տօնը: Այս միջոցառման ընթացքին, պիտի ոգեկոչուի Սբ. Վարդան Մամիկոնեանի եւ Հայ Նահատակներու ժառանգութիւնը, ընդգծելով հաւատքի եւ հայ համայնքի միասնականութեան կարեւորութիւնը: