Հայոց Բանակի 33րդ տարեդարձին Առիթով

Ազգային հպարտութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու՝ Հայկական Բանակի կազմաւորման 33-րդ տարեդարձը:

Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Իր Սուրբ Աջը ընդմիշտ հովանի պահէ մեր քաջարի հրամանատարներուն ու զինուորներուն վրայ, դիմադրական կորով ու անսպառ ուժ պարգեւէ անոնց՝ հայրենի հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանութեան համար, իսկ նահատակ զինուորներուն ու կամաւորներուն հոգւոց լոյս ու խաղաղութիւն:

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի