ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 107-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-ամեակին առիթով Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Արարողութեան ներկայ էին Թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Լիբանանի Հիւպատոս Տիար Գրիգոր Փոսթաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Պատարագի աւարտին, Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ եւ Սուրբ Խաչով օրհնուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշները: Ներկաները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին նահատակուած հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցական թափօրը եկեղեցւոյ շրջափակ առաջնորդուեցաւ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտները շեփորախումբի նուագով տողանցեցին եւ Դօշակի արարողութիւն կատարեցին:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ բազմութեան իր սրտառուչ պատգամը փոխանցեց: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին եւ անոր կարեւորութեան մեր կեանքէն ներս: Սրբազանը թելադրեց ներկայ երիտասարդութեան, որ կառչած մնան Մայիս 28-ի ոգիին եւ կտակին: