ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի  հրաշափառ  Յարութենէն քառասուն օրեր ետք, Հինգշաբթի օր կը նշուի Համբարձման տօնը, որ Տիրոջ փառաւորեալ մարմինով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակի տօնն է: Աւետարանները մեզի կը պատմեն, որ Յիսուսի Համբարձումը տեղի կ’ունենայ Ձիթենեաց լերան վրայ, որ այժմ կը կոչուի Համբարձման լեռ: Յիսուս իր աշակերտներուն իշխանութիւն տալէ ետք, կ’օրհնէ զանոնք եւ երկինք կը համբառնայ, ապա լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէ:

Հայ ժողովուրդի աւանդական եւ շքեղ տօներու շարքին մէջ Համբարձումը  իւրայատուկ տեղ ունի: Տօնը զուգադիպելով բնութեան վերազրթնումի ջերմ մթնոլորտին, հայկական գաւառներուն մէջ յաճախ կ’առնչուէր վարդի եւ ծաղիկի փառաբանութեան հետ, այս պատճառով ալ Համբարձման օրը կը կոչուէր նաեւ «Ջան Կիւլիւմ»ի օր, եւ կամ ծաղիկներ ժողուելով վիճակ ձգելու օր, ցաւ ի սիրտ այս օրերուն  հետզհետէ մոռացութեան կ’ենթարկուի:

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ  ԵԱՅԼԱ

Համբարձման օրը, ժողովրդային լեզւով կը կոչուի նաեւ, վիճակ  ձգելու օր:

Գործք առաքելոց գիրքը մեզի կը տեղեկացնէ ըսելով. «Մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար», «Այն ատեն  հաւատացեալները երկու  հոգի  ներկայացուցին. Բարսաբա  կոչուած Յովսէփը եւ Մատաթիան» (Գրծ 1.23-26): «Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ», եւ առաքեալներուն թիւը  կ’ամբողջանայ տասնըերկուքի, այսպիսով աւանդաբար ծնունդ կ’առնէ վիճակ ձգելու գաղափարը:

Համբարձման տօնի նախորդող օրը՝ աղջիկներ դաշտերէն ծաղիկներ հաւաքելով իրենց տուները կը բերեն, եւ կը զետեղեն ջուրով լեցուն ամաններուն մէջ, որուն մէջ կը դնեն նաեւ զանազան տեսակի առարկաներ, օրինակ՝ օղ, ապարանջան, մատանի, գրիչ, մկրատ, բանալի, դանակ, կոճակ….:

Համբարձման օրը, Ս. Պատարագէն ետք,կիներ, հարսեր եւ կոյս աղջիկներ դաշտեր կամ այգիներ երթալով կ’երգեն, կը պարեն ու կը զուարճանան: Ապա կը սկսի վիճակահանութիւնը: Ներկաները կը բոլորուին վարդերով զարդարուած ամանին շուրջ, փոքրիկ աղջնակ մըն ալ գլուխը քօղով ծածկուած, ներկաներէն  իւրաքանչիւրին  վիճակ  կը  քաշէ:

Համբարձման տօնը յատուկ ժողովրդային երգ մըն ալ ունի.

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ  ԵԱՅԼԱ

Համբարձում   եկաւ,

Շաղկունքը  ալուն,

Զուգել  են  հանդեր

Նաշխուն  գորգերով:

Համբարձում  եայլա,  եայլա  ջան  եայլա,

Սեւ  օրեր  եայլա, եայլա   ջան   եայլա: Կրկ.:

Փունջ  փունջ  աղջիկներ,

Սարերը   ելան,

Վիճակ   հանելու

Աշխոյժ  երգերով:

Համբարձում  եայլա,  եայլա  ջան  եայլա,կրկ.:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան