Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի, Նարեկացի եւ Կոմիտաս դասարանները, Օնթարիոյ նահանգի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին առիթով, ներկայութեամբ դպրոցի ուսուցչական կազմին, արտադասարանային միօրեայ գործունէութիւն ունեցան եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահէն ներս։
Աշակերտները հետեւեցան ուսուցիչներու խորհուրդներուն, ապա անոնք հաւաքաբար ներկայ գտնուեցան բարոյալից «Wonder» ֆիլմի ցուցադրութեան։
Կէսօրին, հաւաքական աղօթքէ ետք ճաշեցին. աւարտին, բարձր տրամադրութեամբ բոլորը վերադարձան իրենց տուները։