ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՒԱՔ

Երեքշաբթի,15 Մարտ 2022ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընտանիքը, «Քորոնա» ժահրի երկամեայ արգելափակումներէ ետք, կատարեց իր ընդհանուր հաւաքը սիրոյ սեղանի շուրջ:Հաւաքը կազմակերպուած էր, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հրաւէրով:

Ներկայութեամբ Հոգեւոր Հովիւներուն, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն, Սարկաւագաց, Զարեհ Ազնաւորեան եւ Մեղրիկ Բարիքեան դպրաց դասերու անդամներուն,Կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուածնուիրեալներու բաղանքին, որոնց թիւը կը կազմեր 120 կամաւորներ:

Օրուան հանդիսաւարութիւնը կատարեց Բժ. Գրիգոր Կ. Սրկ.Պէպէճեան, ուրախ մթնոլորտի մէջ յատուկ յայտագրով , բոլոր ներկաներընախ փառք տուին Աստուծոյ եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը, ծառայելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյճամբով հաւատացեալ ժողովուրդին:

*

*

*

*

[modula id=”3610″]