Երկուշաբթի, 24 Մարտ 2025-ին, Օնթարիոյ Նահանգի հայազգի զաւակ, երեսփոխան Տիար Արիս Պապիկեան կատարեց իր երդման արարողութիւնը:
Տիար Արիս Պապիկեան, եզակի այն երեսփոխաններէն է, որ երրորդ անգամ ըլլալով կը շահի ժողովուրդին վստահութիւնը: Իր յաղթական երթով, ան կը նպաստէ թէ՛ Օնթարիոյ Նահանգին ընդհանրապէս եւ թէ՛ Թորոնթոհայութեան մասնաւորաբար:
Երդման արարողութեան ներկայ էին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, Հոգաբարձու Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, Բրշ. Մանօ Սրկ. Ճենանեան, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ շատ հայորդիներ, որոնք կամաւորաբար օժանդակած էին երեսփոխանական ընտրարշաւին:
Արժ. Տէր Հայրը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետին, Հոգաբարձութեան եւ հայ համայնքին, շնորհաւորեց յարգարժան երեսփոխանին վերընտրութիւնը եւ մաղթեց որ ան շարունակէ իր հայավայել ընթացքը, միշտ բարձր պահելով հայու նկարագիրն ու անունը: