ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Կիրակի, 16 Փետրուար 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Կիլիկիոյ երանաշնորհ Հայրապետներու եւ Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս ծառայած լուսահոգի եկեղեցականներու հոգիներուն ի հանգիստ։

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեղրիկ Բարիքեան Կրտսերաց Դպրաց Դասը, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեց՝ Սարկաւագաց դասը։