Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Հաւատքով ու աղօթքի տրամադրութեամբ համախբուած, աւանդական շարականներով, աղօթքներով եւ խնկաբոյր ծուխով զարդարուած խորհրդաւոր պահը առաջնորդեցին եկեղեցւոյ հոգեւորականները, մասնակցութեամբ Սարկաւագներուն, դպրաց դասի անդամներուն եւ հաւատացեալներուն։
Արարողութեան աւարտին, Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ։
Վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած այն յուզիչ արարողութիւնը, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ դռան մայր բանալիով, աղօթք կը բարձրացուի եւ կ’օրհնուի մանուկներու բերանները, որպէսզի բացուին եւ միշտ փառաբանեն Տէրը։