Դասախօսութիւն

Կիրակի 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս, ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի Սկաուտ- խորհուրդի հրաւէրով, դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սարկաւագներէն՝ Բրշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան:

Բարեշնորհ Սարկաւագի դասախօսութեան նիւթն էր «Հայաստանի Քրիստոնէացումը»: Դասախօսութեան ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Սկաուտ աստիճանաւորական կազմը: Տարօն Սարկաւագ, ամենայն հմտութեամբ ներկայացուց իր նիւթը, որմէ ետք պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: