Թեմիս գործունէութիւնը իր եկեղեցիներով, առաւել եւս նորարարական դարձնելու անհրաժեշտութենէն մղուած, Ազգային Առաջնորդարանը 2023-ին ձեռնարկեց հարթակի մը պատրաստութեան։
Ծրագրի աշխատանքները արդէն իսկ հասած են իրենց աւարտին եւ հարթակը Armenian Prelacy of Canada անունով IOS եւ Android տարբերակներու վրայ տրամադրելի է բոլորին։
Հարթակը կ՚ընդգրկէ՝ ժամերգութիւններ (գիշերային եւ առաւօտեան), ամէնօրեայ աղօթքներ (առաւօտեան եւ երեկոյեան), Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսներու լսագրադարանային տարբերակով, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցը, «ԱՅՍ Է ՄԱՐՄԻՆ ԻՄ» Թեմիս պատրաստած Սուրբ Պատարագի բացատրութիւնը ներկայացնող տեսերիզը, ձայնագրեալ շարականներու հատորները, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներու տեղեկութիւնները, եւ այլն…։
Հարթակը շարունակական ձեւով պիտի օժտուի նոր տեղեկութիւններով եւ եկեղեցական գիտելիքներով։
Կը քաջալերենք հաւատացեալները, որ արձանագրուին Թեմիս հարթակին (APP) Armenian Prelacy of Canada անունով APP STORE-էն/ Google Play-էն ներբերելու եւ օգտուելու տեղադրուած աղօթքներէն եւ եկեղեցական գիտելիքներէն։
Android
https://play.google.com/store/apps/details…
iPhones
https://apps.apple.com/ca/app/armenian-prelacy/id6480720130
Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ եւ աղօթքը ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձնէ ձեր կեանքէն ներս։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի