Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Անդամ՝ Տիկին Քրիստինէ Վարդանեանը։
Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ՝ Տիկին Նորա Արուշեանը եւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Պրն. Վահագն Գարագաշեանը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առընչուող հարցեր։
Անոնք նաեւ անդրադարձան հայութեան դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներու մասին։
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ