Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Մոնթրէալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Տիկին Վանա Նազարեանը։
Հանդիպման ընթացքին, Տիկին Նազարեան անդրադարձաւ Մոնթրէալի քաղաքապետարանի կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն, որոնք կրնան նպաստել Մոնթրէալի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Տիկին Նազարեանի տարած գործունէութեան, շեշտելով համայնքի ու քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր գալիք ծրագիրներուն։
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ