ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Այս շաբթուան ընթացքին, 10-15 Յունիս 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար պիտի կայանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, ինչպէս նաեւ Խառն Ժողով՝ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ թեմակալ առաջնորդ սրբազաններու եւ ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու։

Ժողովական աշխատանքներու աւարտին տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակի նշումը եւ Պէզիքեան Կեդրոնի հիմնարկէքը։