ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ» ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով եւ Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու նուիրատուները, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ ի մի խմբուեցան հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորելով Ազգային Առաջնորդարանի «Նուիրատուներու Գնահատման Երեկոյ»ն:

Ներկայ էին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, Լիբանանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Գրիգոր Փոստաճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ նուիրատուներ:

Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան: Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան: Ապա, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սրբատառ Կոնդակով, «Կիլիկիան Իշխան»ի շքանշանով պատուեց՝ Տիար Վահէ Թոքմաքճեանը՝ առ ի գնահատանք անոր երկար տարիներու ծառայութեան եւ բարերարութեան։

Հանդիսութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հարը ծաղկեփունջերով պատուեց նաեւ Հոգելոյս Տ. Արմէն Աւագ Քահանայ Իշխանեանի երէցկինը՝ Երէցկին Շաքէ Իշխանեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի երէցկինը՝ Երէցկին Սօսի Միքայէլեանը, որոնք քահանայ հայրերու կողքին իրենք եւս ծառայած են եւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, ի մասնաւորի Տիկին Ռուբինա Իշխանեան-Ֆարրային, իրենց անփոխարինելի նպաստ բերող նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, որոնք զօրավիգ ու քաջալեր կը հանդիսանան Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թուեց կարգ մը այլ իրագործումներ եւս, որոնք կատարուած են Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, թէ՛ Գանատայի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի հայութեան համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ բոլոր աշխատանքները կարելի է իրագործել հաւատալով անոնց տալիք արդիւնքին։ Եթէ կը վստահինք Աստուծոյ մեր բոլոր ծրագիրները օրհնեալ կը դառնան։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: