Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում Թորոնթոյի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումի ծիրէն ներս, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչն ու հովիւը եւ Թորոնթոհայութիւնը կը մասնակցին ոգեկոչման հաւաքին՝ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին առջեւ եւ բողոքի քայլարշաւին` … Read more

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

Զատկուան յաջորդ Կիրակին, որպէս Փրկիչի Յարութեան տօնին յաջորդող առաջին Կիրակին՝ կը կոչենք Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ: Իսկ ինչո՞ւ Նոր Կիրակի: Կիրակի կամ Կիւրակէ յունարէն է … Read more

Սուրբ Հոգին՝ Աստուծոյ Մնայուն Ձայնը

Քրիստոսի Յարութեամբ Աստուծոյ ներգործութիւնը մարդոց կեանքին մէջ վերջ չգտաւ։ Աստուած չհեռացաւ մարդկութենէն։ Սուրբ Հոգին՝ Աստուած, դարձաւ այն մնայուն ձայնը, որ կը հնչէ աշխարհի վրայ՝ առաջնորդելով … Read more

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ  ԳՈՐԾԵՐԸ (5.34-6.7)

«Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան» (Գրծ 5.41): Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալներ, հակառակ եբրայեցիներու սպառնալիքներուն եւ արգելքներուն, առանց վարանելու քաջութեամբ … Read more

Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Յիշատակում Քէպէքի Խորհրդարանին մէջ

22 Ապրիլ 2025-ին, Քեպէգ նահանգի Խորհրդարանական նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը յիշատակուեցաւ, որուն ընթացքին խօսք առին խորհրդարանական պատգամաւորներ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Միշէլ Սեթլաքուի եւ Սելին … Read more

Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛ՆՔ ՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՆԵՐՈՒԺԸՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛ՆՔ ՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՆԵՐՈՒԺԸ

Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ՝ ազգային ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման օր է ու միաժամանակ՝ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները աշխարհին յիշեցնելու եւ մեր … Read more

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ․ «ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ ՁԳՏՈՂ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՎ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՑԱՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ»

Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Ֆրանսիս Պապին վախճանման առիթով՝ նշեց, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք … Read more

Պատկերներ Ծաղկազարդի Տօնախմբութենէն՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս

Վարձքը կատար՝ Մեղրիկ Բարիքեան դպրաց դասի եւ կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմերուն, որոնք  Ծաղկազարդի յատուկ ծրարներ բաժնեցին փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք առաւօտ կանուխէն կազմակերպչական աշխատանքներուն … Read more

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ  ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐԳ ԱՊԱՇԽԱՐՈՂԱՑ Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, կարգ ապաշխարողաց ժամերգութիւն եւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ կատարուեցաւ: Ս. Պատարագը մատոյց, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան … Read more