ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Երկուշաբթի 29 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան օրհներգներու հաւաքական երգեցողութեան հոգեպարար երեկոյ … Read more

ՅԻՍՈՒՍ  ՄԱՆՈՒԿԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին, Իսրայէլ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ: Օգոստոս կայսեր հրամանագիրով, Կայսրութեան տարածքին մարդահամար մը կը սկսի, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անձ պէտք էր … Read more

ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՀԱՅ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ 

Շաբաթ 27 Դեկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Երէցներու այցելութեան կամաւորներու խմբակ»ն ու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Արարատ երիցատուն, շնորհաւորելու եւ խանդավառելու … Read more

«ՅԻՍՈՒՍԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ» ԾՐԱԳՐԻ ՏԱՐՈՒԱՅ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ

Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի տարուայ վերջին հաւաքը։ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տիկին Հուրինա Պէրպէրեանին շուրջ համախմբուած, փոքրիկները … Read more

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագով հանդիսաւորապէս նշուեցաւ առաջին սարկաւագին եւ նահատակին՝ Սուրբ Ստեփանոսի … Read more

ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ ԵՐՐՈՐԴ

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՈՒՆ ՈՒՆԻ՞ Անցեալ յօդուածով կարգ մը մտածումներ բաժնեցինք երրորդ պատուիրանին շուրջ, որ եթէ պիտի ամփոփենք, կ’ըսէ Աստուծոյ անունը պարապ տեղ բերանդ մի առներ։ Եւ … Read more

ԶԱՐԵՀ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ ԵՒ ՄԵՂՐԻԿ ԲԱՐԻՔԵԱՆ ԿՐՏՍԵՐԱՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ «ԼԱՐԱ» ՃԱՇԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Հինգշաբթի 11 եւ Երեքշաբթի 23 Դեկտ. 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Զարեհ Ազնաւորեան եւ Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասերու անդամները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւորականներուն, Նոր Տարուայ … Read more