Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ՓԱՈՒԼՕ ՊՈՐՃԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Արք. Պորճիան (Archbishop Paolo Borgia)։

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին Լիբանան այցելութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ զինք հրաւիրել այցելութեան առնչուած կարգ մը ձեռնարկներու։

Վեհափառ Հայրապետը ներկայ պիտի գտնուի յառաջիկայ Կիրակի յետմիջօրէին նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին, Երկուշաբթի օր ճաշի հիւրը պիտի ըլլայ սրբազան քահանայապետին եւ նոյն օրը Պէյրութի նահատակաց հրապարակին վրայ կայանալիք քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի ու իր խօսքը ուղղէ։

Նշենք, որ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Լիբանանի ներկայ կացութեան։