
Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի հերթական հաւաքը։ Այս անգամ հանդիպումը նուիրուած էր Նոյին եւ ջրհեղեղի պատմութեան, զոր փոքրիկները մեծ ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ լսեցին՝ շնորհիւ Տիկին Հուրինա Պէրպէրեանի ջերմ ներկայացումին։
Աւարտին, փոքրիկները գունաւորեցին Նոյի Տապանի պատկերը եւ հիւրասիրուեցան։

Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին։ Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր փոքրիկները միանալու այս գեղեցիկ եւ ուսուցողական ժամանցին։