ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՉԴ

Անցեալ յօդուածով խօսեցանք ինչպէս մարմնամարզանքին նման, հոգեւոր կեանքն ալ հետեւողականութիւն, համբերութիւն եւ վարժութիւն կը պահանջէ։ Հոգին, մարմնին պէս, կը զօրանայ մնայուն մարզանքով՝ աղօթքով, Սուրբ Գիրքի ընթերցումով եւ առաքինի կեանքով։ Ամէն բանի սկիզբը դժուար է, բայց ժամանակ մը ետք ան կեանքի ընթացք մը կը դառնայ։

Շարունակելով այդ մասին մեր մտածումները, բոլորս գիտենք, որ եթէ ոեւէ մէկը վերահսկող մարզիչ մը ունենայ, իր աշխատանքը աւելի շուտ արդիւնաւէտ կը դառնայ։ Գիտե՞ս որ հոգեւոր կեանքին մէջ ալ մարզիչ մը կայ։

Այդ մարզիչը Սուրբ Հոգին է։

Մարզասրահներուն մէջ մարզիչը կ’ուղղէ, կը քաջալերէ, եւ երբեմն ալ կը սրբագրէ։ Ան կը նայի, թէ ինչպէս կը բարձրացնես ծանրութիւնները, ինչպէս կը շնչես, ինչպէս կը կանգնիս, եւ ըստ անհրաժեշտութեան կը փոխէ ծրագիրը, որպէսզի առաւելագոյն արդիւնք ստանաս։

Մեր հոգեւոր մշտական մարզիչը՝ Սուրբ Հոգին Աստուած է, որ երբեք չի սխալիր, երբեք սխալ չի գնահատեր, եւ միշտ գիտէ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչի կը կարօտի։

Ի տարբերութիւն աշխարհի մարզիկներուն, Սուրբ Հոգին մեր մէջ է՝ “Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա. Կր 3.16). բան մը, որ մտածել կու տայ մեզի, թէ որքան սերտ վերահսկողութիւն կարելի է պատկերացնել Սուրբ Հոգիէն։ Իբրեւ սիրառատ Մարզիչ, Ան կը տեսնէ մեր ներսի շարժումները. ոչ միայն մեր խօսքերը, այլեւ՝ մեր մտածումները, մեր վախերը, մեր թուլութիւնները, որոնք ուրիշին ծանօթ չեն։ Երբ մարդոց առջեւ ձեւացնենք թէ ամէն ինչ լաւ է, Սուրբ Հոգին գիտէ ճշմարտութիւնը եւ կրնայ սեղմել մեր հոգեկան «մկանները»։

Մարմնի մարզանքին նման, Հոգեւոր մարզանքին մէջ յուսահատիլը օտար երեւոյթ մը չէ։ Կը կարծենք չենք փոխուիր, նոյն սխալները կ’ընենք, աղօթքի պտուղը չենք զգար, Սուրբ Գիրքը ծանր կը թուի կամ չենք հասկնար։ Բայց Սուրբ Հոգին միշտ մեր կողքին, մարզիչի մը պէս կը քաջալերէ եւ կ’ըսէ․ «կրնաս, շարունակէ՛։ Մի՛ ձգեր։ Մէկ քայլ եւս»։ Կը բացատրէ, որ հոգեւոր յաղթանակները կամ ձեռքբերումները մէկ անգամով չենք արձանագրէր։

Իսկ հիմա, կ’արժէ մտածել թէ ինչ կը ստանանք, եթէ վստահինք Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեան։ Եթէ մարզիչ մը մեր մարմինը կը զօրացնէ, Սուրբ Հոգին կամ հոգեւոր մարզանքը ի՞նչ կու տայ մեզի։ Աւետարանը այս մասին կը խօսի եւ կը բացատրէ, թէ Աստուած կը նորոգէ մեր բնութիւնը, մեր սիրտը, միտքը եւ էութիւնն ամբողջ. Պօղոս առաքեալին բառերով մեզ կը դարձնէ՝ «Նոր արարած» (Բ. Կր 5.17)։

Այսօր շատերը հոգատար են իրենց արտաքին ձեւին հանդէպ, բայց Աստուած կը կանչէ մեզ՝ հոգ տանելու մեր ներքին մարդուն։ Մարմնամարզարանը կրնայ ուժեղ մարմին կառուցել, բայց միայն Սուրբ Հոգիով կը վերանորոգուինք եւ «զԱստուած “Աբբա”, այսինքն Հայր կը կոչենք» (Հռ 8.15)։

Կ’ուզե՞ս նոր արարած դառնալ, այնպէս ինչպէս Աստուած կը կամենայ. Անձանձրոյթ աղօթէ եւ դիմէ ու խնդրէ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան