ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՄԻՍ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի՝ Գանատայի Հայոց Թեմը կը միանայ Համաշխարհային Աստուածաշունչի Ամսուան տօնախմբութեան:

Նոյեմբեր ամիսը իւրայատուկ ժամանակաշրջան մըն է, որ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրին վերագտնելու Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ մեր կեանքերու առաջնորդն ու հաւատքի ակունքը։

Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ կեանք կը պարգեւէ եւ կը վերափոխէ մարդուն ներաշխարհը։ Ան կը լուսաւորէ մեր միտքը, կը վերանորոգէ սիրտը եւ կը փոխակերպէ կեանքը։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան ոեւէ երկսայրի սուր, եւ կը թափանցէ մարդուս հգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները» (Եբր 4.12)։

Պօղոս Առաքեալի այս խօսքերը կը յիշեցնեն մեզի, թէ Աստուծոյ Խօսքը՝ կենդանի զօրութիւն մը ունի՝ որ կը բժշկէ եւ կը վերակերտէ մարդուն ամբողջ էութիւնը։

Երբ մեր սիրտը կը բանանք այդ Խօսքին առջեւ, ան լուսաւորէ մեր խաւարացած սիրտերը, կը յուսադրէ մեզ փորձութեանց ժամանակ եւ կը խաղաղեցնէ մեր փոթորկած հոգիները։

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը Նոյեմբեր ամիսը կը նուիրէ Աստուածաշունչին հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները՝
• Նորոգելու իրենց հաւատքը,
• Կարդալու եւ ուսումնասիրելու Աստուածաշունչը,
• Ապրելու Աստուածային ճշմարտութիւններուն համաձայն։

Այս ամիսը թող դառնայ հոգեւոր նորոգութեան շրջան։ Թող Աստուծոյ Խօսքը վերստին վառէ մեր հաւատքի ճրագը եւ առաջնորդէ մեզ խաղաղութեան, սիրոյ եւ արդարութեան ճանապարհով։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
ԳՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ
——————————————————-
† Կրնաք Սուրբ Գրային ամէնօրեայ համարներ ընթերցել Ազգային Առաջնորդարանի հարթակին վրայ։

†​Հարթակը կրնաք ձեռք բերել սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ.

iOS: https://apps.apple.com/ca/app/armenian-prelacy/id6480720130

Android: https://play.google.com/store/apps/details…