«ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ 1700 ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՏՔ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԿԱՐԵՒՈՐՈԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կազմակերպութեամբ Թինտէյլ (Tyndale) համալսարանին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի (325) 1700 ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը, յիշեալ համալսարանի սրահին մէջ: Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին համալսարանի դասախօսներն ու ուսանողները:

Թինտէյլ Համալսարանի նախագահ դոկտ. Մարճորի Քըռը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր բացման խօսքին մէջ յիշեց առաջին հանդիպումը, որ ունեցած էր Նորին Սրբութեան հետ երկու տարի առաջ, երբ ան Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուած էր 2023-ի Յունիսին։

Համալսարանի բարձրագոյն ուսմանց տեսուչ դոկտ. Մայքըլ Քրաուս Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին նուիրուած երկխօսութեան եւ քննարկման հանդիսավարն էր։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նիկիոյ Հանգանակի ոգիով, մեր ներկայութիւնը այսօր միջ-եկեղեցական ներկայութիւն է։ Թինտէյլ Համալսարանը ինքնզինք կը նկատէ որպէս միջ-եկեղեցական մեծ համայնք, իր մէջ ներառելով աւելի քան 90 յարանուանութիւններ»:

Ապա, համալսարանի շրջանաւարտ Տարօն սարկաւագ Հալլաճեան ներկայացուց Նորին Սրբութիւնը, մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնելով անոր միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ ունեցած տասնամեակներու վաստակն ու կարեւոր դերակատարութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դասախօսութեան ներկայ բոլոր օտար եկեղեցականները, իսկ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ յայտնելով Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, թէ այս ժողովը իր Հաւատոյ Հանգանակով եւ եկեղեցւոյ կանոնական կեանքին առնչուած որոշումներով յատուկ տեղ կը գրաւէ համաքրիստոնէական կեանքին մէջ, ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր: Ապա, անդրադառնալով յատկապէս Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակին՝ Հայրապետը վերլուծեց անոր առանցքային կարեւորութիւնը՝ որպէս աղբիւր քրիստոնէական միութեան, քրիստոնէական հաւատքի ուղղափառութեան եւ եկեղեցւոյ կանոնական հիմնական սկզբունքներուն:

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց վերաքննութեան ենթարկելու Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակին հիմնական սկզբունքները՝ ներկայ ժամանակներու աստուածաբանական նոր մտածողութիւններու լոյսին տակ, մէկ կողմէ նշելով հասարակաց յայտարարները, եւ միւս կողմէ՝ տարբերութիւնները, բնականաբար ընդգծելով Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակին հիմնական ուղղութեան հաւատարիմ մնալու հրամայականը:

Դասախօսութեան աւարտին քննարկում տեղի ունեցաւ համալսարանի դասախօսներուն կողմէ: Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ կատարեց անհրաժեշտ մեկնաբանութիւններ եւ տուաւ լուսաբանութիւններ կարգ մը խնդիրներու շուրջ:

Յայտնենք, որ դասախօսութենէն առաջ հանդիպում մը կայացաւ դասախօսներուն հետ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները յայտնեց համալսարանէն ներս դասաւանդուելիք հայ եկեղեցւոյ պատմութեան յատուկ դասընթացքի մը գծով:




