8 – ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆ
Եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ հիմնական սպասները նուիրագործող իւղը Ս. Միւռոնն է: Միանգամայն շնորհաբաշխութեան կնիքն է ան, որ նոր մկրտեալին քրիստոնէացման պատկանելիութիւն կու տայ: Մասնաւոր օծմամբ կը սպառազինէ քահանայական ձեռնադրութեամբ եկեղեցւոյ սպասարկութեան կոչուող նուիրեալները: Ս. Միւռոնը հաւատացեալներու կեանքէն ներս Ս. Հոգւոյ շնորհաբաշխութեան նշանն է:
Ս. Միւռոնը որպէս գերագոյն սրբութիւն կը ներգործէ քրիստոնեայի մեր հոգիին մէջ:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան իրաւունքը Հայց. Եկեղեցին վերապահած է իր գերագոյն հոգեւոր պետին՝ կաթողիկոսին: Առ այդ իսկ Սրբալոյս Միւռոնի պատրաստութիւնն ու օրհնութիւնը կը կատարուի միայն Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարաններուն մէջ:
Սրբալոյս Միւռոնի բաղադրիչ հիմնական նիւթը ձէթն է, ձիթենիի եւ դափնիի բուրումնաւէտ իւղը:
Պատրաստութեան ընթացքին, 40 տեսակ եւ աւելի բուրումնաւէտ բոյսեր, ծաղիկներ, տերեւներ եւ արմատներ սանդերու մէջ ծեծելով փոշիի վերածելով՝ կը խառնուին ձէթին: Բալասանը Սրբալոյս Միւռոնի կարեւոր նիւթերէն մին է:Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան յատկանշական եւ խորախորհուրդ երեւոյթներէն մին է, երբ Վեհափառ Հայրապետը Առաքելոյ աղաւնոյ… շարականի երգեցողութեամբ, Հին Միւռոնէն մեծ սրուակ մը կը թափէ կաթսային մէջ եւ ապա կ’օրհնէ եւ կը խառնէ Եռամեծար Լուսաւորիչ Հայրապետին օրհնացիր Աջով:
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ԿԱԹՍԱՅ
Միւռոնը պատրաստելէ եւ քամելէ ետք զայն կը լեցնեն կաթսաներու մէջ: Թէ՛ Ս. Էջմիածնի եւ թէ Անթիլիասի մէջ պատմութենէն ժառանգ եկած այս կաթսաներէն իւրաքանչիւրը իր մէջ կրնայ պարփակել շուրջ 4-5 թիթեղ Սրբալոյս Միւռոն: