
Կիրակի, 5 Հոկտ. 2025-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան ի հանգիստ:

Աւարտին, Գ.Ե.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբերու մասնակցութեամբ, Սարկաւագաց եւ եկեղեցականաց կազմերով Ծաղկեմատոյց եւ աղօթք կատարուեցաւ Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ զետեղուած Նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Գերապատիւ Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի պատգամով եւ Գ.Ե.Մ.-ականներու հայրենասիրական երգերով վերջ գտաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը:
