ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑԻՆ ԱԿՈՒՆՔ ԽՈՒՄԲԸ

Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, հայ ժողովուրդի գոյատեւման գրաւականներէն մին կը հանդիսանայ հայկական մշակոյթի  պահպանումը  եւ նոր սերունդին փոխանցումը: Այս նուիրական գործին  լծուած  բազմաթիւ հայկական խումբեր  եւ միութիւններ, ջանք եւ զոհողութիւն չեն խնայեր իրենց կարելին ի սպաս դնելու այս ուղղութեամբ, դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ:

Այս մտածումի լոյսին տակ, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը եւ քաջութիւնը կ’ունենայ հայրենիքէն հրաւիրելու Ակունք համոյթը,  իրերայաջորդ ձեռնարկներով խանդավառելու Գանատահայութիւնը:

Արդարեւ, Հինգշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւորականները եւ Հոգաբարձութիւնը հիւրընկալեցին Ակունք խումբը եկեղեցւոյ յարկէն ներս: Խումբը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյս Հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Սուրբին եւ Արժ. Տէր Հօր, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձական եւ Տիկնանց կազմի կողմէ:Եկեղեցւոյ մէջ Հայր Սուրբի բարի գալստեան խօսքէն  եւ հաւաքական «Տէր Ողորմեա»  երգուելէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը սիրոյ սեղանի մը շուրջ, Տիկնանց յանձնախուբի պատրաստած համադամ ուտեստներով: Յովնանեան սրահէն ներս Տէր Հօր արատասանած սրտի խօսքէն ետք, Ակունքի խումբին ճոխ  երգերով եւ պարերով վերջ գտաւ երեկոն: