ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ

Մարտիրոսները անոնք են, որոնք նահատակուած են վկայելով Քրիստոսի հանդէպ իրենց  ունեցած հաւատքն ու յոյսը  դրսեւորելու ամբողջ աշխարհին: Այսպիսի համաքրիստոնէական մարտիրոսներէն է սուրբ Գէորգ Զօրավարը: Ան ծնած է երրորդ դարուն, իր նահատակութեամբ երկրային կեանքը պսակելով ի սէր Քրիստոսի եւ յաւիտենական երանութեան: Քաջարի զօրավարը Կապադովկիոյ բարեպաշտ ծնողներու զաւակ էր: Ան քաջ զինւոր էր, չնայած իր երեսնամեայ տարիքին արդէն ունէր հազարապետի աստիճան:

Դիոկղետիանոս կայսեր օրով քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքներու ժամանակ, արհամարհելով մահուան սպառնալիքը, սուրբ Գէորգ արիաբար բազմաթիւ տանջանքներու կ’ենթարկուի, առանց խախտելու իր հաւատքը: Սուրբ Գէորգ օր մը, Նիկոմիդիոյ հրապարակին մէջ  կը տեսնէ, քրիստոնեաներուն  դէմ հրովարտակ մը կախուած է, այս մէկը անարգանք համարելով  կը պատռէ զայն: Այս արարքը խստիւ զայրույթ  կը պատճառէ կայսրին: Ան կը հրամայէ, նոյն  հրապարակին մէջ, կախել զինք եւ գեղարդով դուրս թափել անոր աղիքները: Ահաւոր տանջանքներու ընթացքին, սուրբին մարմինը ամբողջութեամբ արիւնլուայ վիճակի կը մատնուի, սակայն աստուածային հրաշքով մը ան չի մահանար: Այս եղածին ի տես կայսրը կը հրամայէ բանտարկել սուրբը եւ կը թելադրէ հսկայ սրապատ անիւ մը պատրաստել՝ սուրբ Գէորգի մարմինը ճզմելու: Նոյն պահուն, երկինքէն ձայն մը լսուելով կը գօտեպնդէ դաժան տանջանքներու մատնուած սուրբը, Փրկիչին զօրութեամբ դարձեալ կը փրկուի ստոյգ մահէ:

Սուրբ Գէորգ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ բազում հրաշքներ կը կատարէ, նպաստելով մարդոց հոգիներու փրկութեան:

Ալեքսանտրէ թագուհին լսելով սուրբ Գէորգի հրաշագործութիւններուն մասին կը հաւատայ Քրիստոսի եւ սուրբին հետ միասին կը դատապարտուի մահուան: Թագուհին մահապատիժի վայրը հասնելով տանջահար կ’աւանդէ հոգին: Իսկ սուրբ Գէորգ նախ կ’աղօթէ զինք տանջող հեթանոսներուն, որպէսզի ճանչնան ճշմարիտ լոյսը եւ դաւանին Աստուած եւ Քրիստոս, ապա գլխատուելով կը նահատակուի 303 թուականին:

Ըստ աւանդութեան կը պատմուի թէ քաջարի զինուորը՝ սուրբ Գէորգ վիշապ մը սպսննած է փրկելու համար աղջիկ մը, որ իբրեւ կեր յանձնուած էր վիշապին: Այս կը խորհրդանշէ սուրբին յաղթանակը չարին՝ Դիոկղետիանոս կայսեր դէմ, որ անդնդային վիշապ կը կոչուէր եւ որուն սուրբ Գէորգ իր անխախտ հաւատքով  կը յաղթէ:

Ոչ մէկ կրօնքի մէջ Սատանային եւ չարին մասին լուսաբանութիւն տրուած է, որքան քրիստոնէութեան, պատճառը յստակ է, Քրիստոսի լոյսն է, որ ներթափանցելով մարդկային հոգիներուն մէջ կը վանէ խաւարը եւ էապէս կը բացայայտէ չարին հնարքները եւ խաբէութիւնները:

Աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի սուրբ Գէորգի հաւատքը եւ օրինակը զարդարէ մեր հոգիները աստուածային շնորհքներով, եւ մեր կեանքի ընթացքը ուղղէ դէպի յաւերժութիւն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան