Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նշանաւոր սուրբ, քրիստոնէական վանականութեան հիմնադիրներէն մին կը համարուի։
Սիմէոն Սիւնակեցի ինքն անձամբ գրականութիւն չէ հեղինակած. կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն թէ ան նոյնիսկ գրաճանաչ չէ եղած։ Սիմէոն Սիւնակեցիի կեանքի եւ գործունէութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ եւ պատմական աղբիւրներ, որ մեզի հասած են կը փոխանցեն, յատկապէս ուշագրաւ է, Սիմէոնի կենդանութեան օրով Թէոդորետոս Կիւրացիի կողմէ գրուած «Եկեղեցական պատմութիւն» աշխատասիրութիւնը։ Սիմէոն Սիւնակեցիի կենսագրութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն նաեւ անյայտ հեղինակներու կողմէ ստեղծուած անոր յունարէն եւ ասորերէն վարքերը, որոնք գրուած են սուրբին վախճանումէն ետք։
Սիմէոն Սիւնակեցի ծնած է 389 թուականին, Կիլիկիոյ Սիս բնակավայրին մէջ՝ յունախօս քրիստոնեայ գիւղացի ընտանիքի մը մէջ։ Սկզբնական շրջանին ան զբաղուած է հովուութեամբ, սակայն անգամ մը եկեղեցիին մէջ ան կը լսէ Ղուկասի Աւետարանի (6. 21) հատուածը որ կ’ըսէ. «Երանի՜ ձեզի՝ այժմ քաղցածներուդ, որովհետեւ պիտի յագենաք», այդ պահուն կ’որոշէ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրել Աստուծոյ։ Ան կը մտնէ վանք եւ կը մնայ այնտեղ 10 տարի։ Սակայն վանքի կեանքը անոր չի բաւարարեր, եւ ան կ’որոշէ ինքզինք նուիրել խիստ ճգնակեցութեան։ Իրեն համար կ’ընտրէ անմարդաբնակ վայր մը եւ այնտեղ կը կառուցէ սիւն մը, որու վրայ ալ կը սկսի բնակիլ եւ ըստ աւանդութեան այլեւս երբեք չի լքէր այդ վայրը։ Ան կը վախճանի 459 թուականին։ Սիմէոնի մահէն ետք անոր ճգնավայրը կը դառնայ քրիստոնէական կարեւոր ուխտատեղի, որ այժմ կը գտնուի Սուրիոյ Հիւսիսը Հալէպ Քաղաքի Հիւսիս Արեւմուտքը Անտիոքի սահմանակից, եւ կը կրէ Քալաթ Սիման անուանումը, կամ Սէն Սիմիոն։
Հրաշագործ ճգնաւորին համբաւը այնքան տարածուած է, որ ասորիներ, յոյներ, հայեր, փիւնիկեցիներ, վրացիներ, պարսիկներ, եւ նոյնիսկ կարգ մը եւրոպական երկիրներէ մարդիկ գալով սուրբէն օրհնութիւն կը ստանային եւ հրաշագործութեան կ’արժանանային: Բազմահազար հաւատացեալներ մարմնի եւ հոգիի բժշկութիւն կը ստանային, ինչպէս նաեւ անհաւատները դարձի գալով քրիստոնեայ կը մկրտուէին: Բժշկուածներուն խստիւ կը պատուիրէր. «Եթէ հարցնեն, թէ ո՞վ բժշկեց քեզ, կ’ըսէք՝ Աստուած, ինչ որ ճշմարտութիւնն է, որովհետեւ բժշկութիւնը Աստուծմէ կու գայ: Չըլլայ թէ ըսէք՝ Սիմէոնը բժշկեց, որովհետեւ սուտ խօսած կ’ըլլաք, եւ ձեր ախտը կը վերադառնայ ձեզի»:
Համադրում՝ Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան