Այս կիրակին՝ 21 Սեպտ. 2025-ը, կը նախորդէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ նուիրուած է Վարագայ լեռան վրայ Յիսուսի Խաչափայտի մասունքի յայտնաբերման: Ս. Աստուածածինը տեսիլքով կը յայտնուի Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք Հռոմէն փախած էին, կը թելադրէ քառասուն կոյսերուն, որ երթան եւ ապաստանին Արարատեան կողմն աշխարհի: Կոյսերը կու գան Հայաստան, ճամբու ընթացքին կը հանդիպին Վարագայ լեռ: Ըստ աւանդութեան, Հռիփսիմէ կոյսը իր վզին կը կրէր Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը. երբ կ’իմանայ հալածանքներու ենթարկուելու մասին, իսկոյն Խաչի մասունքը կը պահէ լեռան վրայ հողին տակ: Եօթներորդ դարուն, մասունքը կը գտնուի, որմէ ետք Հայց.Առաքելական Եկեղեցին Ս. Խաչի նուիրուած տօներու շարքին կը դասէ նաեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն անուանելով զայն:
Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան