ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Վերացման Սրբոյ Խաչի տօնին առիթով, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագի սրբազան արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան քարոզը փոխանցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ․ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։Օրուան պատգամէն առաջ, Անթիլիասէն ժամանած Գերպ․ Տ․ Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան, բարձրացան սուրբ խորան՝ կատարելու համար Ռեհանի օրհնութեան կարգը, Սարկաւագաց դասին հետ միասին։ Ապա, պատարագիչ Հայր Սուրբը իր պատգամը փոխանցեց, իբրեւ բնաբան ընտրելով Տիրոջ խօսքը. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Ղկ 9.23)։