ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 3.13-21:

Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ.

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց  անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը  հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:

-Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն են:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան