Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող Հայագիտական Կեդրոնը Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով անուանուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անունով՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ
Շուրջ երեսուն տարի առաջ, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին տարիներէն սկսեալ, համեստ պայմաններու մէջ նախ որպէս Արեւմտահայերէնի զարգացման նուիրուած դասընթացքներով սկսած յիշեալ նախաձեռնութիւնը հանգրուանային կերպով կազմակերպուեցաւ ու ծաւալեցաւ՝ Նորին Սրբութեան անմիջական քաջալերանքով ու հսկողութեամբ: Այսօր, Հիմնարկը առաւել ծաւալ ու որակ ստանալու լայն կարելիութիւններով օժտուած է: Ան կը գործէ Կաթողիկոսարանի անմիջականօրէն առնչուած Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկը շուտով պիտի նախաձեռնէ նոր ծրագիրներու մշակման՝ վարչական, հրատարակչական, ուսուցչական, ուսանողական եւ այլ մարզերէ ներս: Ան պիտի ունենայ նաեւ առցանց դասապահեր եւ պիտի կազմակերպէ գիտաժողովներ ու համագումարներ, ինչպէս նաեւ պիտի քննէ Հայաստանի ու արեւմտեան հայագիտական կեդրոններու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները: Թելադրելի է, որ մեր ուսուցիչները, մտաւորականները ու հայագիտական նիւթերու նկատմամբ լուրջ հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր օգտուին յիշեալ հիմնարկի ընձեռած կարելիութիւններէն:
Հիմնարկի յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.- Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան, Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Սեդա Խտըշեան եւ Շահան Գանտահարեան:
Կարելի է Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկի դասընթացքներուն ու ձեռնարկներուն մասնակցիլ՝ կապ պահելով Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանի հետ:
Ե-նամակ՝ aharonshekerdemian@gmail.com
Հեռախօս՝ 03 713 897
Հասցէ՝
Mr. Aharon Shekerdemian
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. box: 70317
Antelias, Lebanon