Պօղոս Առաքեալի Նամակէն Բ.Կր 7.1-16
«Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով» (Բ.Կր7.1):
Աստուծոյ իմաստուն ծրագիրն ու կամքը մարդէն կը պահանջէ, որ առողջ բարոյականի տէր ըլլայ, մաքուր ապրի եւ առողջ սերունդ դաստիարակէ:
Պօղոս առաքեալ իր երկրորդ Կորնթացիներու ուղղած նամակին մէջ հաւատացեալներուն կը պատուիրէ որ մաքուր, օրինաւոր եւ զուսպ կենցաղ մը ունենան անխտիր բոլորը:
Հին Կտակարանի համաձայն, պղծութիւնը ընդհանրապէս մարմնական ապօրինի յարաբերութեան կը վերաբերի:
Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս բացայայտօրէն կը յայտնէ, թէ ոչ միայն մարմնական յարաբերութիւնը պղծութիւն է, այլ «Ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ» (Մտ 5.28): «Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ’ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն» (Մտ 15.19):
Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ կը սահմանէ, որ մեր մարմինները Սուրբ Հոգիին տաճարներն են, եւ ոչ թէ՝ մեղքի վայր: «Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի» (Ա.Կր 6.19):
Առաքեալը բարձրաղաղակ կը հնչեցնէ իր խօսքերը աշխարհի թատերաբեմին վրայ, մոլորած սերունդներուն եւ ճամբէ շեղած պատանիներուն, որոնք անտարակոյս զոհեր են այս աշխարհի անպարկեշտ ընթացքին, որոնք սերունդներ կ’այլասերեն: Հետեւաբար, հաստատուած երեւոյթ է, որ արդի քաղաքակրթութիւնը մեզ այլասերումի եւ քայքայումի կ’առաջնորդէ: Ուրեմն առաքեալը կը թելադրէ, որ մենք զմեզ մաքրենք «Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է» (Ա.Յհ 3.3): Անհրաժեշտ է մեր մաքրուիլը, որպէսզի դառնանք իր սեփական ժողովուրդը, նախանձաւոր բարի գործերու «Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):
Հետեւաբար, մաքուր քրիստոնեան պէտք է հեռու մնայ մարմնական հեշտանքներէն, եւ ունենայ ազնիւ ձգտումներ իր հոգին սնուցանելու՝ անձանձրոյթ աղօթելով ու առաքինի գործերով հարստացած եւ այն ատեն բարձրաղաղակ աղօթելով ըսէ. «Ով Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սղ 51.10):
Մեծ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը մեղքէ մաքրուած հաւատացեալին, որ միշտ կը մտածէ արքայութեան, արդարներու պսակին եւ հանդերձեալ կեանքի երանական վիճակին մասին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան