- ԱՌԸՆԹԵՐԱԿԱՅ
Բառը ինքնին կը բացայայտէ իր նշանակութիւնը: Առընթեր գտնուող, մօտը եղող, քովը, կողքին կանգնող:
Եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին գործածուող բառ մըն է: Յատկապէս Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ պատարագիչը կաթողիկոսն է, անոր կողքին՝ աջ ու ձախին, առընթերակայ երկու եպիսկոպոսներ կը կանգնին, որպէս յարգանք եւ մեծարանք, պատարագիչ Վեհափառ Հօր:
Իսկ երբ պատարագիչը եպիսկոպոս մըն է, երկու քահանաներ կամ վարդապետներ, որպէս առընթերակայ պատարագիչին երկու կողմերը կը կանգնին:
Նման պարագաներուն առընթերականերէն մին ճաշու Աւետարանը կը կարդայ, իսկ երկրորդը վերաբերումը կը կատարէ:
*Այս շարքով ձեզի պիտի ներկայացնենք Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Ծիսական Գիտելիքներ գիրքէն՝ եկեղեցւոյ սպասներու, իրեղէններու եւ տարազներու մասին ամփոփ գիտելիքներ: